ՌԴ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ 23_24 Յունիսին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ատրպէյճան։ «Կը Նախատեսուին բանակցութիւններ այս երկրի արտաքին գործոց նախարարին հետ։ Կը սպասուի հանդիպում Ատրպէյճանի նախագահին հետ։ Պիտի դիտարկուի երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հարցերու ամբողջ շրջանակը», ըսած է Զախարովան։ «Կը նախատեսուի նաեւ մանրամասն քննարկել տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը արդիական հարցեր։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի 9 Նոյեմբեր 2020_ի, 11 Յունուար 2021-ի եւ 26 Նոյեմբերի բարձր մակարդակի եռակողմ համաձայնագիրերու իրականացման գործընթացը։ Յիշեցնենք, որ անոնք կոչուած են ապահովելու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ Հարաւային Կովկասը վերածելու խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման գօտի», ըսած է Զախարովան: