Մենք միասին ճամբայ կտրած ենք, կը գնահատենք եւ կ՛արժեւորենք այդ ճամբան, բայց իւրաքանչիւրը ինք կ՛որոշէ իր քաղաքական գիծը, մենք մէկ նպատակ ունինք եւ ամէն մէկս ունի այդ նպատակին հասնելու ճանապարհային իր քարտէզը: «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ԱԺ փոխնախագահ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով Արթուր Վանեցեանի պատգամաւորի յանձնարարութիւնը վար դնելու որոշումին:
Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը պատգամաւորական յանձնարարութիւնները վար դնելու հարց չի քննարկեր.
««Դիմադրութիւն» շարժումը իր յայտարարած ծրագիրով, փողոցային պայքարը պիտի շարունակէ», ըսաւ ան: