Երեքշաբթի, 21 Յունիս 2022-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանը իր հերթական 17-րդ նիստը գումարեց, նախագահութեամբ Համմուտա Սապպաղի։ Նիստին կը մասնակցէր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ։
Նախարար Մըքտատ  խօսք առնելով շեշտեց, որ Սուրիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած պիտի մնայ ազգային գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման առաջնահերթութեան վրայ։
Նախարարը ըսաւ.«Սուրիա միշտ տրամադիր է իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու արաբական եւ եւրոպական այն երկիրներուն հետ, որոնք կը յարգեն Սուրիոյ գերիշխանութիւնը եւ չեն միջամտեր Սուրիոյ ներքին հարցերուն։ Այս իմաստով կրկին կը շեշտենք, որ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ուժերը պէտք է անմիջապէս դուրս գան սուրիական բոլոր հողերէն։ Անոնց ապօրինի թափանցումը Սուրիա այլ երկրի տարածքներու բռնագրաւում է, այլ մեկնաբանութեան չի կարօտիր»:
Ապա անդրադառնալով սուրիացի գաղթականներու հարցին աւելցուց. «Սուրիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ սերտել սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի բոլոր միջոցները»։
Մըքտատ անդրադառնալով իսրայէլեան յարձակումներուն դատապարտեց զանոնք ու ըսաւ, որ  Իսրայէլ կը շարունակէ տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչութեան հովանաւորը մնալ:
Այնուհետեւ արաբական երկիրներու հետ Սուրիոյ յարաբերութիւններուն անդրադառնալով մատնանշեց, որ Դամասկոսի դռները միշտ բաց են բոլոր արաբ բարեկամներուն դիմաց անխտիր, ներառեալ այն երկիրներուն, որոնց հետ Սուրիոյ պետութիւնը տարակարծիք էր սուրիական տագնապի տարիներուն։
Մըքտատ շեշտեց, որ Սուրիան ազգային քաղաքականութիւն կը վարէ, իսկ սուրիացիները հպարտ են իրենց ազգային դիմագիծով եւ առիթ պիտի չտան, որ որեւէ մէկը պղծէ զայն:
Հուսկ Մըքտատ հաստատեց, որ Սուրիա եւ Ռուսիա ռազմավարական դաշնակիցներ են ու թէեւ Արեւմուտքը կը ջանայ Ռուսիոյ բոլոր դաշնակիցներուն կապը աստիճանաբար խզել ու մեկուսացնել Ռուսիան, սակայն Սուրիան եւ Ռուսիան կը գործեն իրենց փոխադարձ շահերուն ու ամրապինդ յարաբերութիւններուն տէր կանգնելու սկզբունքով: