«Կելըփ» միջազգային ընկերակցութեան կողմէ 26-էն 28 Մայիս 2022-ին կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն՝ Հայաստանի հարցուած քաղաքացիներու 89,3 տոկոսը ներկայացնողները ըսած են, որ իրենց համար անընդունելի է, որ «Արցախի բնակչութեան տրամադրուի ազգային փոքրամասնութեան կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմին մէջ»: Պատասխանողներուն միայն 4,4 տոկոսը զայն նկատած է ընդունելի։

Պատասխանողներուն 51 տոկոսը բացասաբար վերաբերած է 22 Մայիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոմիութեան նախագահ Շառլ Միշելի մասնակցութեամբ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ բանակցութիւններու արդիւնքներուն։ Անոնց միայն 34,7 տոկոսը դրական գնահատած է բանակցութիւնները։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները համաձայնած են ապաշրջափակել երկու երկիրներու միջեւ երթեւեկութեան կապերը եւ կառուցել Հայաստանի տարածքով անցնող ցամաքային ճամբայ, Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ։
Հարցախոյզին մասնակիցները կը կարծեն, որ Հայաստան կրնայ զէնք ստանալ Ռուսաստանէն (48,1 տոկոս),  Ֆրանսայէն (13,9 տոկոս), ԱՄՆ-էն (6,4 տոկոս), Իրանէն (1,7 տոկոս), ՀԱՊԿ-էն՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (1,1 տոկոս), ՆԱԹՕ-էն՝ (0,5 տոկոս) եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն՝ (0,1 տոկոս)։
Նախապէս «Կելըփ» միջազգային ընկերակցութեան կողմէ 2-էն 6 Ապրիլ 2022-ին կատարուած հարցումին համաձայն, պատասխանողներուն 57,2 տոկոսը չի կարծեր, որ «Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ատակ են՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի շահերէն բխող եւ ընդունելի պայմաններով խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու, Ատրպէյճանի հետ»։ 30,4 տոկոսը կը կարծէ որ այդ կարելի է։
Հարցումին, թէ ո՞վ է մեղաւոր Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած լարուածութեան համար, 43,8 տոկոսը նշած է՝ Ատրպէյճանը, 27 տոկոսը պատասխանատուութիւնը դրած  է Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ, 14,1 տոկոսը՝ ռուս խաղաղապահները, 6,1 տոկոսը՝ Արցախի իշխանութիւնները, 3,5 տոկոսը մեղքը բարդած է Թուրքիոյ վրայ։
Հարցուածներուն 47,7 տոկոսը բացասական գնահատած է վարչապետ Փաշինեանի աշխատանքը, մինչդեռ 38,8 տոկոսը՝ դրական։
Հարցուածները գրեթէ հաւասարապէս բաժնուած են երկու մասի, մէկ մասը ըսած է, որ Փաշինեան պէտք է հրաժարական տայ (41,7 տոկոս), իսկ միւս մասը՝ պէտք չէ հրաժարական տայ (38,7 տոկոս)։
Հարցումին, թէ ո՞ր կուսակցութեան օգտին կը քուէարկէին, եթէ ընտրութիւնները տեղի ունենային մեր օրերուն, 20,4 տոկոսը պատասխանած է,   որ կը սատարէր իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, 12 տոկոսը աջակցութիւն յայտնած է խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, իսկ 1,7 տոկոսը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ին։ Այսուամենայնիւ, հարցուածներուն 28,8 տոկոսը ըսած է, որ չէր քուէարկեր որեւէ կուսակցութեան օգտին: Իշխող կուսակցութեան վարկանիշը կտրուկ անկում ապրած է՝ 70,4 տոկոսէն, երբ 2018ին Փաշինեան առաջին անգամ իշխանութեան եկաւ, եւ ա՛լ աւելի նուազած՝ 20 Յունիս 2021ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն անոր կուսակցութեան ստացած ձայներու 53,9 տոկոսէն։
Հարցումին, թէ ինչպէ՞ս «կը գնահատեն Հայաստանի քաղաքական ներկայ իրավիճակը», հարցուածներուն 66,5 տոկոսը (երկու երրորդը) տուած է բացասական պատասխան, մինչդեռ միայն 22,3 տոկոսը դրական կարծիք յայտնած է։
Հարցումին, թէ երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին համար ինչպիսի՞ լուծում կը տեսնեն, հարցուածներուն 27,6 տոկոսը փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, 26,6 տոկոսը առաջարկած է խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կատարել, 21,8 տոկոսը կողմ եղած է անցումային կառավարութեան ձեւաւորման, իսկ 11,4 տոկոսը փափաք յայտնած է, որ աւելի մեծ ճնշում գործադրուի ընդդիմութեան վրայ։
45,6 տոկոսը դէմ արտայայտուած է ընդդիմութեան բողոքի վերջին ցոյցերուն, իսկ 32,5 տոկոսը նշած է, թէ կողմ է:
46,1 տոկոսը կողմ արտայայտուած է Հայաստանի ոստիկանութեան՝ ցուցարարներու հետ առճակատման, մինչ 37,2 տոկոսը քննադատած է։
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ հարցուածները «կո՞ղմ են Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման», 68 տոկոսը ըսած է, որ դէմ է, մինչդեռ միայն 26,3 տոկոսը կողմ արտայայտուած է։
Եզրափակելով, պէտք է նշել, որ հայ հանրութիւնը շատ պառակտուած է երկրի ներքին հարցերուն առնչութեամբ։ Կան վարչապետ Փաշինեանին սատարողներ եւ կան անոր  փոխարինումը նախընտրողներ։ Այսուամենայնիւ, Փաշինեանի ժողովրդականութիւնը զգալիօրէն վատացած է Հայաստանի մէջ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, Սփիւռքի մէջ՝ 2018-ին ունեցած նախնական արտասովոր ժողովրդականութեան համեմատ։
Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ առնչութեամբ Հայաստանի առջեւ ծառացած կարեւորագոյն հարցերուն մէջ հայերու մեծ մասը շատ բացասաբար տրամադրուած է որեւէ զիջման՝ իրենց երկու թշնամի դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար:
Վերոնշեալ հարցերէն  քանի մը հատին պատասխանողները ոչ մէկ կասկած կը ձգեն, որ վարչապետին յաճախակի պնդումը, թէ ինք ունի «ժողովուրդի մանտաթը», այլեւս չի համապատասխաներ իրականութեան։ Փաշինեանի եւ անոր  կուսակցութեան վարկանիշը զգալիօրէն նուազած է, յատկապէս 2020 թուականի պատերազմին մէջ Հայաստանի ջախջախիչ պարտութենէն ետք։ Անոր  կուսակցութիւնը յաղթած է անցեալ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրուած ընտրողներու մօտաւորապէս 25 տոկոսով, ինչ որ Հայաստանի ընդհանուր բնակչութեան փոքր տոկոսն է։
Քանի որ ամբողջ Սփիւռքի մէջ նման հարցախոյզեր տեղի չեն ունենար, ապա ոչ ոք գիտէ Փաշինեանի ստոյգ վարկանիշը սփիւռքահայերու մէջ։ Ամէն բան կը վկայէ այն մասին, որ անոր վարկանիշը Սփիւռքի մէջ եւս կտրուկ անկում արձանագրած է, ինչպէս որ Հայաստանի մէջ: Ուստի, հակառակ վարչապետին չափազանց բարձր վարկանիշին, երբ ան, 2018-ին, առաջին անգամ եկաւ իշխանութեան, ներկայիս, անոր հետեւորդները  կը կազմեն հայերու շատ աւելի փոքր մասը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան