«Դիմադրութիւն» շաժումի ներկայացուցիչները 21_23 Յունիսին եռօրեայ այցելութեամբ գտնուած են Արցախ, հանդիպումներ ունեցած են քաղաքական ուժերու, ԱՀ Ազգային Ժողովի բոլոր խմբակցութիւններուն, պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ ԱՀ պաշտօնաթող նախագահներուն հետ:
ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, պատգամաւորներ Տիգրան Աբրահամեան, Աղուան Վարդանեան, Արամ Վարդեւանեան, Արթուր Սարգսեան եւ Գեղամ Մանուկեան Արցախի ԱԺ պատգամաւորներուն հետ այցելած են Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններ, հանդիպած են բնակիչներուն, ՏԻՄ ղեկավարներուն հետ: Առանձին հանդիպում տեղի ունեցած է նաեւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին մէջ՝ մայրաքաղաքի վարչական ղեկավարութեան, աշխատակազմին, կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու տնօրէններուն մասնակցութեամբ:
 
Հանդիպումներու ընթացքին «Դիմադրութիւն» շարժումը համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուցած է շարժման ընթացքը, մարտահրաւէրներն ու յառաջիկայ ընելիքները:
 
Ընդգծուած է, որ «Դիմադրութիւն» շարժումը՝ առաւել համահայկական ու ընդգրկուն դարձնելու համար առանցքային տեղ ունի Արցախի Հանրապետութիւնը։
 
Համաձայնած են, որ հակառակ Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն՝ Արցախի Հանրապետութեան հետ ողջամիտ ու պատշաճ փոխգործակցութեան բացակայութեան, պէտք է իրականացուին միատեղ ծրագիրներ եւ փոխայցելութիւններ։
 
Վերահաստատուած, որ Արցախի իշխանութիււններուն եւ ժողովուրդին համար ուղենիշ կը մնայ 14 Ապրիլ 2022_ին ԱՀ ԱԺ-ի կողմէն միաձայն ընդունված հայտարարությունը, որում ամրագրվել են Արցախի ապագայի շուրջ առանցքային սկզբունքներն ու կարմիր գիծերը: