ՈՒՐԿԷ՞ ԵԿԱԾ Է ՄԻՒՌՈՆԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ շնորհալի հայրապետներուն եւ մեծ վարդապետներուն կողմէ խմբագրուած արարողութիւններուն մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը, որ ըստ աւանդութեան կը կատարուի եօթը տարին անգամ մը՝ հոգեւոր արթնութիւն եւ հաւատքի վերանորոգման սքանչելի առիթ ընծայելով հաւատացեալ ժողովուրդին: Միւռոնի օրհնութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին եւ առաքելութեան մէջ հիմնական նշանակութիւն ունի: Այս նուիրական իւղը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ծիսական ամէնէն գեղեցիկ արարողութիւններէն մէկն է:
Դարեր շարունակ Հայ Առաքելական եկեղեցին Ս. Միւռոնը օգտագործած է: Անոր ծագումը Աստուածաշունչի մէջ կը գտնենք եւ կը գործածենք զայն եկեղեցւոյ ծիսակարգին մէջ եւ խորհուրդներուն ընթացքին: Հին Կտակարանին մէջ կը տեսնենք, թէ Աստուած ինչպէս Մովսէս Մարգարէին ցուցմունքներ կու տայ, որ պատրաստէ իր ժողովուրդը եւ կը խնդրէ Մովսէսէն, որ իր եղբայրը՝ Ահարոնը քահանայ կարգէ: Աստուած կը պատուիրէ, որ Մովսէս իւղով օծէ իր եղբայրը, այսինքն քահանայագործէ, որպէսզի ցոյց տայ թէ ինչպիսի՛ նուիրական պաշտօնի մը կարգուած է ան: Յետոյ Աստուած կը պատուիրէ Մովսէսին, որ խորան մը շինէ եւ յարգի իւղերով օծէ զայն:
Մովսէսի օրերէն սկսեալ կը տեսնենք իւղի գործածութիւնը Աստուածաշունչին մէջ: Աւելի ուշ Սաւուղ թագաւոր, յետոյ Դաւիթ Սաղմոսասաց իր բերնով կը խօսի իւղի գործածութեան մասին: Նոր Կտակարանին մէջ ալ կը հանդիպինք իւղի գործածութեան պատկերին: Երբ Յիսուս ծնաւ եւ երեք մոգեր այցելութեան եկան իր քով իրենց հետ իբրեւ նուէր բերած էին ոսկի, զմուռս եւ կնդրուկ: Զմուռսը այն թանկագին իւղն էր, որ կը գործածուէր թագաւորները օծելու: Ան կը խորհրդանշէր Քրիստոսի քահանայութիւնը: Անիկա Քրիստոսի օծեալ փրկիչ ըլլալու խորհրդանիշն էր: Քրիստոս կը կոչուի նաեւ Մեսիա, այսինքն՝ օծեալ Տէր, ընտրուած: Ղուկասու Աւետարանին մէջ ալ Յիսուս իր առաջին փորձութենէն եւ մկրտութենէն ետք ժողովուրդին կ’ըսէ. «Տիրոջ Հոգին վրաս է որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու…»:
Ուրեմն իւղի գործածութիւնը Աստուածաշնչական է: Յովհաննէս Աւետարանին մէջ, նախքան Յիսուսի չարչարուիլն ու խաչուիլը, Բեթանիոյ մէջ Մարիամ՝ Ղազարոսի քոյրը ընթրիքի ատեն շիշ մը ազնիւ եւ սուղ իւղ առնելով կ’օծէ Յիսուսի ոտքերը եւ իր մազերով կը սրբէ զանոնք:
Աստուածաշնչական պատմութիւններուն եւ համարներուն վրայ հիմնուելով Հայ եկեղեցին սկսած է իր աւանդութեամբ իւղի (միւռոնի) գործածութեան, որ դարերու ընթացքին բարեկարգուած եւ կանոնաւորուած է:
Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ կաթսային կրակը կը վառուի եւ 48 ժամերու տեւողութեամբ եռացած ջուրի մէջ կ’եփի միւռոնը (իւղը):
24 ժամ ետք եփած իւղերուն մէջ կ’աւելցուին 40-է աւելի ծաղիկներու արմատներ եւ զանազան բուրումնաւէտ իւղեր ու խունկեր, որոնք հաւաքուած կ’ըլլան զանազան երկիրներէ (հայրապետներու կողմէ ճշդուած քանակին համաձայն): Բոլոր նիւթերն ալ նախապէս միաբան հայրերու կողմէ մանրուած եւ սանթերու մէջ ծեծուած կ’ըլլան սաղմոսասացութեան ընկերակցութեամբ: Եփելու ընթացքին, իւրաքանչիւր հանգրուանին Վեհափառ Հայրապետը կը ստուգէ նորեկ Միւռոնի բուրմունքը: Այս աւանդը հաւատարմութեամբ կը պահեն հայրապետները՝ մեր քրիստոնէական հաւատքի ջահը վառ պահելու համար:
Միւռոնը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Ս. Հոգւոյն տուուչութեան ամէնէն վաւերական նշանն է: Միւռոնով հայ ազգի ամէն զաւակ կ’անդամակցի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ: Ս. Միւռոնով կը սրբագործուի նորակառոյց ամէն եկեղեցի, Ս. Մկրտութեան աւազան եւ ամէն մկրտուող փոքրիկ: Այլ խօսքով Ս. հոգւոյն երկնառատ տուուչութիւնը կը կատարուի:
Պատրաստեց՝ Նուշիկ Սողոյեան-Առաքելեան