ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Հալէպի պաստքեթի ալ-Ահլի Իթթիհատը Ախոյեանութենէն 16 տարի հեռու մնալէ ետք, յաջողեցաւ տիրանալ Սուրիոյ ախոյեանութեան եւ ախոյեանութեան բաժակը վերադարձնել, աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով քարամէն 68-77 արդիւնքով: Աւարտական փուլին զոյգ ակումբները հանդիպեցան երեք անգամ: Իթթիհատ Ահլին կրցաւ յաղթական աւարտել բոլոր մրցումները:
Յիշենք, որ վերջին անգամ Ահլին տիրացաւ Սուրիոյ ախոյեանութեան 2006-ին:
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականի սպանացի մարզիչը հրապարակեց այն 12 խաղացողներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համաշխարհային խաղերու մրցումներուն Պահրէյնի եւ Իրանի հաւաքականներուն դէմ:
Սուրիոյ կազմը Դամասկոսի մէջ կը կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը՝ մասնակցութեամբ բոլոր խաղացողներուն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՍՔԵԹԻ U23-Ի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ
23-26 Յունիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ պասքեթի SADA CUP-ի միջազգային մըրցաշարքը, մասնակցութեամբ Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Ամերիկայի հաւաքականներուն: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Կարէն Տէմիրճեան մարզահամալիրին մէջ: 23 Յունիսի մրցումներն են՝ Սուրիա – Իրան, Հայաստան – Ամերիկա, իսկ 25 Յունիսին՝ Սուրիա – Ամերիկա, Հայաստան – Իրան, 26 Յունիսին Ամերիկա – Իրան, Սուրիա – Հայաստան:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԴԱՐՁԱՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ՊԱՍՔԵԹԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Կիրակի օր Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը յաջողեցաւ երրորդ յաղթանակը արձանագրելով պարտութեան մատնել մրցակից Պարսելոնան՝ 81-74 արդիւնքով: Մատրիտի WiZink Center-ի մարզադաշտին մէջ խուռներամ համակիրներու ներկայութեան արքայական ակումբը ձեռք ձգեց Սպանիոյ ախոյեանութիւնը:
Աւելցնենք, որ աւարտական փուլին զոյգ խումբերը հանդիպեցան չորս անգամ: Ռէալ կրցաւ յաղթել երեք խաղերուն: Այս տիտղոսը եղաւ Ռէալի 36-րդ ախոյեանութիւնը, որ Սպանիոյ պատմութեան մէջ ախոյեանութեանց բարձրագոյն թիւը կը համարուի, անոր կը յաջորդէ Պարսելոնան՝ 19 ախոյեանութեան տիտղոսներով:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան