Ինծի համար մեծ հպարտութիւն է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան յաճախելը եւ մանաւանդ միջնակարգի շրջանաւարտ ըլլալը:
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին, որ մենք` ուսանողներս օգտաշատ, հաճելի եւ արդիւնաւէտ երեք տարեշրջան բոլորենք, հայեցի դաստիարակութիւն ստանանք, հմտանանք գիտական, թուաբանական, գրական եւ այլ նիւթերու մէջ: Ահաւասիկ ժրաջան աշխատանքէ ետք հասած եմ արդիւնքը քաղելու սեմին այն պետական քննութիւններուն, որոնք ատեն մը սարսափի մատնած էին զիս: Կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել տնօրէնութեան եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուս, որոնք քննութեան տագնապալի օրերուն միշտ մեր կողքին եղան քաջալերելու մեզ եւ յոյս ներշնչելու` վստահութեամբ շարունակելու մեր ուսման ճամբան: Ինչպէս նաեւ մեծ շնորհակալութիւնս` ծնողքիս, որոնք ամէն բանի մէջ նեցուկ կանգնեցան ինծի:
 
Սելա Աստարճեան
Թ. կարգ
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան