Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակին կողմէն կեանքի կոչուած «Ապրելու Ձայնը» գրական-մշակութային օրերու շրջանագիծին մէջ Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի երիտասարդ քանդակագործներ՝ Մուշեղ Մուսայէլեանի եւ Գոռ Իսրայէկեանի քանդակներու ցուցահանդէսը։ Ցուցասրահի տնօրէն Էլենա Տատայեան ողջունեց քանդակագործներու առաջին միատեղ ցուցահանդէսին բացումը։ Բացման խօսքով ու քանդակագործներուն ներկայացնող ելոյթով հանդէս եկաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան։ Ելոյթներ ունեցան քանդակագործ Իւրի Յովհաննիսեան, ԱՀ նախագահի խորհրդական Լուսինէ Ղարախանեան, արուեստաբան Արման Գրիգորեան։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նաեւ Շուշիի «Կիւրճեան» կիրառական արուեստի հիմնարկի սաներու գեղանկարներէն: