“Արմէնփրէս”._ Թումոյի «42 Երեւան» ծրագրաւորման անվճար դպրոցը ներառուած է Համաշխարհային լաւագոյն 100 նորարարական համալսարաններու 2022_ի ցուցակին մէջ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդումով՝ MIT-ի, Ստենֆորթի եւ Պերքլիի համալսարաններուն հետ նոյն շարքին մէջ «42 Երեւանը» 8-րդ տեղը գրաւած է։ Ծրագրաւորման դպրոցը նաեւ առաջինն է WURI-ի « 50 Էթիքական արժէք ունեցող համալսարաններու» վարկանիշային ցուցակին մէջ:

Իրական ազդեցութիւն ունեցող աշխարհի համալսարաններու յանձնաժողովը կ’արժեւորէ իրական ներդրումները հասարակութեան մէջ եւ կարեւոր կը համարէ հետազօտական ու կրթական ծրագիրներու նորարարական մօտեցումները: 42 Երեւանը ծրագրաւորման անվճար դպրոց է, որուն նպատակն է կրթել ոլորտի ապագայ լաւագոյն մասնագէտները: Եւրոպական միութեան կողմէն ֆինանսաւորուող ԵՄ Թումօ երկրաչափական եւ կիրառական գիտութիւններու համալիրի գլխաւոր նախագիծերէն մէկուն` Թումօ տարրալուծարաններու մաս կազմող կեդրոնը իր տեղը գտած է ֆրանսական առաջատար 42 ծրագրաւորման դպրոցներու ցանցին մէջ, որուն մէջ արդէն իսկ ներառուած են Սէուլը, Ռիօ տէ Ժանէյրօն, Մոսկուան, Ամսթերտամը եւ 26 այլ քաղաքներ ամբողջ աշխարհի մէջ:

«42» կրթական ծրագիրը հիմնուած է խաղային ձեւաւորում ունեցող, ինքնուսուցողական հարթակի վրայ, ուր ուսանողները կ’իրականացնեն գործնական առաջադրանքներ եւ կը կատարելագործեն իրենց հմտութիւնները: Ուսումնական ծրագիրը կ’առաջարկում է 150-էն աւելի նախագիծ, որոնք անընդհատ կը թարմանան` համապատասխան դառնալով ոլորտի նորագոյն պահանջներուն: