Սուրիա յայտարարեց Լուկանսքի եւ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութիւններու անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան ճանաչումը։
 
Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական աղբիւրը Չորեքշաբթի, 29 Յունիսին ՍԱՆԱ-ին յղած յայտարարութեան մէջ յայտնեց. «Այս մէկը տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններ հաստատելու ընդհանուր կամքի եւ փափաքի մարմնացումն է, քանի որ Սուրիան որոշած է ճանչնալ Լուկանսքի եւ Տոնեցքի Ժողովրդական երկու հանրապետութիւններու անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»։
 
Աղբիւրը աւելցուց.«Նախարարութիւնը կապեր պիտի հաստատէ երկու երկիրներուն հետ՝ ամրապնդելու գործակցութիւնը եւ սահմանուած կանոններուն համապատասխան հաստաստելու դիւանագիտական յարաբերութիւններ»։