Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Շաբաթ, 25 Յունիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի միջնակարգի աւարտական հանդէսը։
Միջնակարգի շրջանաւարտները շնորհաւորելու եկած էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տէր Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան, Հոգշ. Տէր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Թեմի Ազգ. Վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչները, Ճեմարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, Ուսուցչական Կազմը եւ Շրջանաւարտից Միութիւնը։
Հանդէսը բաց յայտարարուեցաւ ու ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Աշակերտական երգչախումբը մեկնաբանեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգները։
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եսթեր Կիւլտալեան, իսկ արաբերէն` Նանոր Լախոյեան ։ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 9-րդ կարգի երգչախումբը յաջորդաբար երգեց փունջ մը հայերէն եւ արաբերէն  երգեր, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Երգչախումբին յաջորդեցին խմբային հայերէն եւ արաբերէն ասմունքներ, իսկ Թաթուլ Ալթունեանի «Եաման Եար»-ը նուագեցին խումբ մը աշակերտներ։
Արաբերէն ուղերձը ընթերցեց Շողակ Խրոյեան, իսկ Հայերէն ուղերձը՝ Արփի Արապանեան ։ Անոնք 9-րդ կարգի աշակերտութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն տարուան ընթացքին իրենց  ցուցաբերած հոգատարութեան եւ խնամքին համար։ Ապա  շնորհաւորեցին իրենց դասընկերներ-դասընկերուհիները եւ մաղթեցին, որ անոնք նորանոր յաջողութիւններ արձանագրեն: Անոնք աշակերտներուն անունով խոստացան ըլլալ ուսման, գիտութեան եւ ազգային բարձր իտէալներու հաւատարիմ ճեմարանականներ՝ կամքի ուժով եւ հաւատքի զօրութեամբ։
Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը ուղղեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի պետական տնօրէն Ապտ ալ-Համիտ Մասրի՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Հալէպի Կրթական Տնօրէնութեան, թեմիս առաջնորդին, վարժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն, որոնց միասնական աշխատանքին շնորհիւ աշակերտները կը հասնին յաջողութեան։
Ապա իր սրտին խօսքը արտասանեց  Ճեմարանի շրջանաւարտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տէր Գէորգ Աբեղ. Գարակէօզեան ։ Ան շեշտեց, որ հայ աշակերտը իր ինքնութիւնը ճանչցած է այս կրթօճախին մէջ դաստիարակուելով, ապա խօսքը ուղղելով աշակերտութեան ըսաւ. «Մեր եկեղեցին հպարտ է ձեզմով, որովհետեւ դուք կը գոյատեւէք անսասան ոգիով եւ անձնուէր աշխատանքով»։
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն  Յակոբ Քիլէճեան ուսումնակըրթական տեղեկագիրը ընթերցելէ ետք, յայտնեց որ այս տարի ճեմարանը կը տօնէ իր ադամանդեայ 75-րդ տարեդարձը, անդրադարձաւ Ճեմարանի ուսումնակրթական առաքելութեան ու հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան, շեշտելով որ ճեմարանը լոկ կրթական հաստատութիւն մը չէ, այլ՝ մարդակերտման դարբնոց մը:
Քիլէճեան այնուհետեւ  շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, Ազգ. վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդին, Ճեմարանի խնամակալութեան, պետական տնօրէնին, Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութեան, ուսուցչական եւ վարչական կազմերուն, երգչախումբի ղեկավարին, խմբային ասմունքներու պատասխանատուներուն, Բերիոյ Թեմի «Դպրոց հիմնադրամ»ին, ԱՔԵ Ճեմարանի Քալիֆորնիոյ Ընկերակցութեան, անոր Հալէպի յանձնախումբին, անհատ բարերարներուն ու բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս ճեմարանին կողքին են։ Աւարտին ան իր խօսքը ուղղելով Ճեմարանականներուն ըսաւ, որ երեք տարուան աշխատանքին արդիւնքով դուք հասաք այս օրուան ու մաղթեց, որ պետական քննութիւններուն արդիւնքները հպարտութիւն առթեն բոլորին։  Հուսկ, ան ուժ, կորով եւ համբերութիւն մաղթեց երկրիս իմաստուն վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշար ալ-Ասատին, որպէսզի Սուրիան առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան վարչութեան անդամ Վերա Թովմասեան՝  պարգեւատրելու 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի 9-րդ կարգի պետական քննութեանց առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտներ՝ Առէն Խրոյեանը (առաջին), Աննա Պետրոսեանը (երկրորդ) եւ Մայք Գէւոյեանը (երրորդ)։ Պարգեւատրուեցան  նաեւ 2021-2022 տարեշրջանի առաջնակարգ հետեւեալ աշակերտները՝ 7-րդ կարգ.- Սանտրա Պապիկ, Մարիա Գասապեան, Փաթիլ Շաթոյեան, 8-րդ կարգ.- Արշալոյս Տիլպէրեան , Սելինա Երէցեան, Սէրլի Մկրտիչեան։
Այնուհետեւ բեմ բարձրացան 2021-2022 տարեշրջանի աշակերտները: Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ միջնակարգի վկայական ստացան 48 շրջանաւարտներ, իսկ հայերէն լեզուի առաջնակարգ ուսանողները տնօրէնութեան կողմէ գովասանագրերու արժանացան։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան, որ ըսաւ. «Կեանքի փոթորիկներուն դիմաց այս կառոյցը իր սիւներով , տնօրէններով, բարերարներով, մշակներով պայքարեցաւ եւ յաղթանակեց:  75-ամեակ կը նշանակէ յաղթանակ եւ այս բոլորը ծառայութեան, զոհողութեան արդիւնք են։ 75 տարի հալէպահայութիւնը տէր դարձաւ այս դպրոցին եւ հոսկէ ծնունդ առին ղեկավարներ, առաջնորդներ ու հայ մայրեր»։
Աւարտին ան դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր ճեմարանականի պարտքն է տէր կանգնիլ եւ ծառայել ազգին ու հայրենիքին։
Հանդէսը փակուեցաւ ճեմարանի քայլերգով, կատարողութեամբ երգչախումբին։ Հանդէսի խրախճանքը շարունակուեցաւ «Տիգրանեան» պարտէզէն ներս, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութեան, վկայուած աշակերտներու բարձր տրամադրութեամբ, ծնողներու եւ հարազատներու ներկայութեան։
Ժիրայր Կարապետեան