Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, Սուրիոյ յարաբերութիւնները արաբական կարգ մը երկիրներու հետ խորքային փոփոխութիւններ չկրեցին, որովհետեւ արաբական երկիրներու մեծամասնութիւնը Սուրիոյ դէմ ճակատ բանալու ծուղակին մէջ չինկաւ, թէեւ կարգ մը երկիրներ արտաքին ուժերու ազդեցութեան ներքոյ նուազեցուցին իրենց յարաբերութիւններուն կշռոյթը որոշ վերապահութեամբ, առժամապէս փակեցին իրենց դեսպանատուները, սակայն չխզեցին իրենց կապը Սուրիոյ հետ:  Այլ խօսքով՝ յարաբերութիւնները որոշ արաբական երկիրներու հետ միայն ձեւականօրէն նուազ աշխուժութիւն ապրեցան, մինչդեռ կապը մնաց անկաքտելի:
Սուրիան արաբական երկիրները դիտեց ոչ թէ անոնց վարչակարգերու, այլ ժողովուրդներուն պրիսմակէն, որուն համար ալ դատապարտման ոճը չօգտագործեց արաբական երկիրներու հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ, մնաց իրապաշտ, քաջ իմանալով որ աշխարհաքաղաքական պատկերը ուշ կամ կանուխ պիտի փոխուի եւ Միջին Արեւելքի մէջ էական հրամայական պիտի դառնայ արաբական երկիրներու գործակցութիւնը տարածաշրջանի մարտահրաւէրներուն ի տես:
Սուրիան այսօր դրականօրէն կ’արժեւորէ արաբական երկիրներու հետ գործակցութիւնը, միեւնոյն ատեն իր դաշնակիցներուն, յատկապէս Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ իր գործակցութիւնը՝ ամերիկա-իսրայէլեան ու թրքական շարունակուող սպառնալիքներուն դիմաց:
ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի Միջին Արեւելք այցելութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ-ի կողմնակից զինուորական դաշինքի մը կազմաւորման, բնականաբար ի նպաստ Իսրայէլի եւ ի վնաս Իրանի ազդեցութեան գօտիին:
Սուրիա աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներուն լոյսին տակ կը ջանայ պաշտպանել երկրի ազգային շահերն ու անվտանգութիւնը, հաւասարապէս արժեւորելով ե՛ւ իր ռազմավարական դաշնակիցներուն՝ Ռուսիոյ ու Իրանի,  ե՛ւ արաբական երկիրներու հետ իր յարաբերութիւնները:Միւս կողմէ Թուրքիան կը համարէ սուրիական տարածքներ բռնագրաւած արտաքին ուժ, որուն, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ ուժերուն սուրիական տարածքներէն դուրս բերումը առաջնային պէտք է  ըլլայ սուրիական տագնապի լուծման յառաջիկայ բանակցութիւններուն մէջ:
Այս բոլորին լոյսին տակ հեռու չէ նաեւ պաղեստինեան կարգ մը շարժումներու հետ Սուրիոյ յարաբերութեանց վերականգնումը՝ սանձելու ԱՄՆ-Իսրայէլ նախատեսուող միջամտութիւնները տարածաշրջանի արաբական երկիրներու ապահովական հարցերուն: