ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ–ը 29 Յունիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանը։
 
Գարեգին Բ-ը գոհունակութեամբ անդրադարձած է հայ-սուրիական պատմական կապերուն` ընդգծելով Սուրիոյ հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը անոնց ամրապնդման մէջ։
«Ամենայն հայոց կաթողիկոսը անդրադարձ կատարած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն, Արցախի մէջ՝ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով արձանագրուած ցաւալի կորուստներուն ու պատճառուած աւերներուն։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ երկու բարեկամ ժողովուրդները լաւատեսութեան ոգիով ու զօրեղ հաւատքով պիտի յաղթահարեն իրենց առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
 
Գարեգին Բ-ը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն՝ հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին համար։
 
Նորա Արիսեան իր կարգին կաթողիկոսին ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան հետեւանքով հայ համայնքին առջեւ ծառացած դժուարութիւնները՝ հաստատելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները ամէն ջանք գործադրած են հայ համայնքին կացութիւնը բարելաւելու համար։ Դեսպանը Սուրիոյ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար կարեւոր համարած է նաեւ դերը սուրիահայ համայնքին, որ մշտապէս մեծ յարգանք կը վայելէ երկրին մէջ: