Միայն քանի մը օրեր կը բաժնեն մեզ այն պատմական պահէն, որուն համար սպասած ենք եօթը տարի։ Նոյնիսկ, Ս. Միւռոնի կաթսան, հարսի մը պէս քօղարկուած, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի խորանին վրայ, կը սպասէ այդ երանելի պահուն, երբ ի տես բազմահարիւր ժողովուրդի, պիտի բանայ իր կափարիչը, պիտի «շողարձակէ» իր բուրումնաւէտ զօրութիւնը եւ լեցնէ մեր էութիւնը նոր շունչով մը։
Հայ եկեղեցւոյ գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն եւ Աստուածաշնչական տուեալներու վրայ հիմնուած, Ս. Միւռոնը քառասուն օրեր կը մնայ սուրբ խորանին վրայ՝ առ ի պատրաստութիւն այն մեծ օրուան, երբ Նորին Սրբութիւն Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի մասունք-աջով պիտի օրհնուի։ Թէեւ Ս. Միւռոնը խորանին վրայ լուռ կերպով հանգչած կը լսէ մեր աղօթքները, սակայն այդ լռութեան մէջ, Ս. Միւռոնի աւելի քան չորս տասնեակ բոյսերով, արմատներով եւ ծաղիկներով պատրաստուած իւղը հոգեւոր եւ անտեսանելի կրակով մը կ’եփի։ Կարծես Ս. Միւռոնի կաթսային արգանդանման ամանին մէջ նոր աշխարհ մը եւ կամ նոր կեանք մը կը գոյանայ մեր տեսողութենէն վեր՝ խորհրդաւոր կերպով։ Այս մէկը  կարելի է տեսնել միայն հաւատքի աչքերով եւ զայն զգալ՝ աղօթական սրտով։ Սակայն անիկա, մեզի ալ՝ միաբաններուս եւ հաւատացեալներուս կը յիշեցնէ, որ մենք ալ պատրաստուինք աղօթքով եւ երկիւղածութեամբ՝ ընդունելու համար Ս. Հոգիին լիառատ շնորհքները։
Որքան օրերն ու ժամերը տակաւ առ տակաւ կը մօտենան Յուլիս մէկին, այնքան աւելի կ’արագանան սրտիս զարկերը։ Ս. Միւռոնի կաթսային առջեւ աղօթքի կեցած պահուն, կը պատկերացնեմ այդ վայրկեանը, երբ հարսի մը պէս, կաթսան մեզ ու եկեղեցին խորհըրդանշելով, պիտի բանայ իր քօղը, պիտի ընդունի Ս. Հոգիին խորհրդաւոր օրհնութիւնը եւ պիտի դառնայ բոլորովին նոր ու կենդանարար նիւթ։ Այդ առիթը, այնպիսի պահ մը պիտի ըլլայ բոլորիս համար, որ մեր մարմնին վրայ արդէն իսկ կնքուած Ս. Միւռոնին նշանը «պիտի շարժի» ու մենք պիտի վերանորոգուինք։ Պիտի յիշենք անգամ մը եւս, որ Ս. Եկեղեցւոյ աւազանի արգանդէն ծնած ըլլալու առընթեր, ծնած ենք նաեւ Ս. Միւռոնի կաթսային ամանէն, ուրկէ դուրս «կը բղխի» Ս. Հոգիի նշանը՝ Միւռոնը։ Միւռոնով վերածնած հոգեւորականներս առաւել եւս «պիտի ցնցուինք», որովհետեւ նոյն այս նշանն է, որ մեզ դարձուց նոր մարդ եւ սպասւորներ՝ Հայ եկեղեցւոյ։ Հոգեւոր կապով պիտի վերաշնչենք մեր պատկանելիութիւնն ու հաւատարմութիւնը՝ ամրօրէն ագուցելով զայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին հետ։ Ահաւասիկ, մեր սուրբ աթոռը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ այսօր, Մովսէս մարգարէին պէս այս հոգեւոր ժայռին կը զարնէ իր ծառայութեան ասան, որպէսզի աստուածային շնորհքը հեղու իր անգին ժողովուրդին վրայ։
Կը դիտեմ աւելի երկար Ս. Միւռոնի կաթսան եւ պահ մը կը պատկերացնեմ  որ կարծես անիկա Ս. Յարութեան գերեզմանը ըլլայ   հսկայ ժայռով մը փակուած։ Երեք օրուան փոխարէն՝ քառասուն օրերէ ի վեր Քրիստոսի մարմինը կը հանգչի անոր մէջ, որպէսզի յարութեան կեանքը բանայ մեր առջեւ։ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին հետ, Ս. Միւռոնն ալ կը պատարագուի իր նիւթեղէն իւղով կաթսային խորհըրդաւոր խորութեան մէջ, որպէսզի երբ Յուլիս մէկին կափարիչը բացուի, Ս. Յարութեան Գերեզմանին պէս, հոնկէ ժայթքէ նոր յարութեան եւ կեանքի «լուսէ բոյրը»։ Նոր էջ, նոր օր, եւ նոր սկիզբ մը պիտի մեկնարկէ Ս. Միւռոնի կաթսային կափարիչին վերացումով։ Եւ մենք, ինչպէս Յարութեան օրուան իւղաբեր կիները եւ կամ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խոնարհ մոգերը, հին միւռոնը, Էջմիածնայ Ս. Միւռոնը, բալասանն ու վարդի իւղի շիշերը մեր ձեռքերուն, պիտի մօտենանք «Ս. Յարութեան Գերեզմանին», որպէսզի մեր ընծաներն ու մեր բաժինը նուիրենք Քրիստոսի։ Այլ խօսքով, մեր հինն ու ամբողջ էութիւնը պիտի խառնենք նոր կեանք բուրող Ս. Միւռոնին մէջ, որպէսզի նոր կեանքի եւ յարութեան շողարձակումը մեր սրտին մէջ առած՝ զայն կրենք նոր եօթ տարիներ եւս։
Հայոց Հայրապետը՝ արժանաընտիր գահակալ Նորին Սրբութիւնը, Հայ ժողովուրդին ձայնն ու աղաղակը մարմնաւորելով, պիտի ձայնէ սուրբ խորանէն կենդանարար Ս. Հոգիին, որպէսզի իջնէ Անթիլիասի կաթողիկոսանիստ Մայրավանք եւ «շարժէ» քառասուն տեսակէ աւելի բոյսերու եւ ծաղիկներու նիւթը պարունակող իւղը, եւ դարձնէ զայն Սուրբ Միւռոնի, որմով պիտի ծնին նոր մանուկներ ու սերունդներ, նոր զինուորագրեալ եկեղեցականներ, պիտի բարձրանան նորակառոյց եկեղեցիներ ու սպասներ։ Ապա, Հայոց մեծ սուրբին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին բարեխօսութեան պիտի դիմենք, որպէսզի իր հրաշագործ աջը Ս. Միւռոնին խորը թափանցելով, Աստուծոյ ամենակալ զօրութեան ընդառաջ՝ երկնքի բարձրունքներուն մէջ, իր հայրապետական ձեռքերը բանայ եւ Արարիչին ողորմութիւնն ու շնորհքը խնդրէ իր զաւակներուն համար։ Հայոց սուրբը պիտի խնդրէ, որ Քրիստոս, Բարի Սամարացին, հասնի վիրաւորուած, սակայն՝ հաւատքը չկորսնցուցած հայ ժողովուրդին, որպէսզի նոր Միւռոնով լուայ մեր վէրքերը, ու մեզ իր ուսին առնելով՝ հասցնէ իր բարձրունքներուն, մեր ազատօրէն ու անկախ ապրելու իրաւունքը վերադարձնելով մեզի…։
Շունչս կը բռնեմ եւ աղօթքով կը նայիմ Ս. Կաթսային։ Որքա՜ն կ’ուզեմ, որ այն  յոյսերը, որոնք աղօթքի ծրարին մէջ դրուած եւ խնամքով պահուած են այս կաթսային խորերը, Ս. Գերեզմանին դուռին հետ բացուին եւ Ս. Միւռոնի օրհնութիւնը ստանան։ Որքա՜ն կ’ուզեմ, այս նոր բոյրը, Ծննդեան կամ Յարութեան աւետիսի պէս ամէն հայ օճախի դուռը զարնէ, մտնէ ու բնակի հոն՝ իր սրբութիւնն ու օրհնութիւնը ճրագի պէս վառելով ու լուսաւորելով։ Որքա՜ն կ’ուզեմ, Ս. Միւռոնի այս հզօր բոյրը, թափանցէ իւրաքանչիւր հայ անհատի էութեան ու թոքերուն մէջ, ու հաւաքէ մեզ Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ ամպհովանիին տակ, որպէսզի ոչ ոք զրկուի հաւատքի լոյսէն եւ ազգային պատկանելիութենէն։ Որքա՜ն կ’ուզեմ տեսնել այդ պահը, որ այնպէս ինչպէս Քրիստոսի Յարութեան լոյսը մահուան խաւարը      պատռեց եւ մահը խորտակեց՝ նոր կեանքի բոյրը լեցնելով մեր աշխարհը, նոյնպէս անիկա չքացնէ Հայրենիքը շրջապատող սեւ ամպերը…։
Ահա կը լսուի Ս. Միւռոնի եռացող իւղին ձայնը, հաւատացեալներու աղօթքի կրակին վրայ։ Ս. Միւռոնի կաթսային կափարիչին հետ, մեր սիրտն ալ բաց՝ կը սպասէ Յուլիս մէկի պատմական ու խորհրդաւոր օրուան։ Այո, պատրաստ ենք, անգամ մը եւս վկաներն ու նուիրեալները դառնալու Սրբալոյս Միւռոնի յարութեան շնորհքին… «Բաց մեզ, Տէ՜ր, զդուռն ողորմութեան, որ ողբալով կարդամք առ քեզ»։
Պարոյր Վրդ. Շերնէզեան