«Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարած է, որ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ յստակացում չկայ, որ Բերձոր եւ Աղաւնօ բնակավայրերը պէտք է յանձնուին Ատրպէյճանին, այնտեղ գրուած է, որ երեք տարուան ընթացքին կողմերու համաձայնութեան պարագային պէտք է հաստատուի այլընտրանքային երթուղիի նախագիծը, սակայն Ատրպէյճանը կը շտապէ, որովհետեւ կը վախնայ, որ Հայաստանի մէջ իր գործընկերոջը կորսնցնելէն վերջ իր հայադաւ ծրագիրները չի կրնար աւարտին հասցնել:
 
«Շատ յստակ քայլերով ու գործողութիւններով փորձած են երկիրը տանիլ նոր յանձնողականութեան եւ հայաթափել Արցախը։ Հայաստանին շտապելը եւ այս ամէնուն իր համաձայնութեան տալը, Ատրպէյճանին հետ հեռաւորութեամբ խաղալը այլեւս նորութիւն չեն, Բերձորը, Աղաւնօն կամ Սուսը կորսնցնելէն վերջ դարձեալ կորուստներ պիտի ունենանք», ըսած է ան։
 
Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեան իր վերջին ասուլիսի ընթացքին հաստատած է, որ Բերձոր, Աղաւնօ համայնքները Ատրպէյճանի կողմէն կառուցուող Բերձորը շրջանցող ճանապարհի շահագործումէն վերջ պիտի յայտնուին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
 
Ընդգծենք, որ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ կը խօսուի միայն Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման մասին։ Հարցումին՝ թէ իրաւական ի՞նչ հիմքով Բերձորը պիտի յանձնուի թշնամիին՝ Իշխան Սաղաթէլեան վստահութիւն յայտնեց, որ եռակողմ համաձայնագիրներէն բացի, կան նաեւ այլ համաձայնութիւններ:
Զրուցակիցը նաեւ ահազանգած է, որ եթէ այս տարածքները անցնին թշնամիի վերահսկողութեան տակ, ապա ատրպէյճանական զօրքերը պիտի կանգնին Սիւնիքի Տեղ գիւղի սահմանին, ուր առաջնագիծ չկայ։
 
«Բոլոր անոնք, որոնք կը մտածեն՝ մեր տուներին չեն մօտենար, Արցախով պիտի վերջացնենք, կը սխալին, պիտի գան մինչեւ Հիւսիսային պողոտայ, այս գիտակցութիւնը պիտի ունենա՞նք վերջապէս»,ըսած է Սաղաթէլեան:
 
Ինչպէս յայտնի է՝ Ատրպէյճանը Բերձորը շրջանցող ճանապարհ կը կառուցէ, եռակողմ յայտարարութեան համաձայն՝ երթուղին պէտք է համաձայնութիւն կատարուէր կողմերուն հետ։ Արցախի նախագահի խօսնակը մեզի հետ ունեցած զրոյցին յայտարարած էր, որ իրենք յայտարարութեան կողմ չեն, համաձայնութիւնը եղած է ՀՀ Իշխանութիւններուն հետ։
 
Հարցումին՝ իբրեւ խորհրդարանի մէջ ներկայացուած երկրորդ ուժ, տեղեակ եղա՞ծ են Ատրպէյճանի կողմէն կառուցուող երթուղիին մասին, Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ այդ հարցը խորհրդարանի մէջ չէ քննարկուած, «Հայաստան» խմբակցութիւնը երթուղիէն տեղեակ չէ եղած, աւելին՝ ան վստահ է, որ ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւորներու մեծ մասը նոյնպէս տեղեակ չեն եղած։
 
Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ այն գիւղերը, որոնք չեն եղած ԼՂԻՄ-ի կազմին մէջ պիտի յանձուին Ատրպէյճանին, Իշխան Սաղաթէլեան հակադարձած է՝ երբ կը խօսինք ԼՂԻՄ-ի մասին եւ անով մեր հիմնաւորումը կ’ընենք տարածքներու յանձնումը, այդ պարագային ի՞նչ պետք է ըլլայ ԼՂԻՄ-ի այն տարածքները, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։
 
«Բայց Նիկոլ Փաշինեանէն պէտք չէ ակնկալել, որ ինքը Հայաստանի շահերը սպասարկէ, հետեւողական պիտի ըլլայ, սա անյոյս է», ըսած է գործիչը:
 
Անդրադառնալով հայաստանեան ներքաղաքական կեանքին եւ մեր դիտարկումին, որ Ֆրանսայի հրապարակէն վրանները հեռացնելէն վերջ «Դիմադրութեան» շարժումի գործողութիւններու մէջ մարման միտում կը նկատուի, Ի.Սաղաթէլեան վստահեցուց, որ շարժումը չէ մարած եւ չէ մարած։
 
«Պայքարը չի կրնար մարիլ, անիկա ազգային, հայկական շարժում է, եթէ շարժումը մարի ու չյաջողի, սա վերջին յոյսը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան: