Ազգային Ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները միատեղ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են։
 
«Ինչպէս արդէն յայտնի է՝ օրուան իշխանութիւնները ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանին եւ ԱԺ Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վահէ Յակոբեանին պաշտօններէն ետ կանչելու որոշումներ ընդունեցին։
 
Իրավիճակը անհեթեթ է անով, որ անիկա կը կատարուի հանրութեան առկայ անվտանգային մարտահրաւէրներէն, պատերազմի՝ իրենց իսկ կողմէն յայտարարուած կարելի սպառնալիքէն, Բերձորի հարցէն, նոր զիջումներէն, ռազմագերիներէն՝ մինչ օրս հայրենիք չվերադարձնելու հարցէն շեղելու համար:
 
Խորհրդարան երթալու առաջին օրուընէ յայտարարած էինք, որ ԱԺ վարչական պաշտօնները մեզի համար ինքնանպատակ չեն, ընդդիմադիր գործունէութեան օժանդակելու գործիք են, որ կը բխի Սահմանադրութենէն ու ժողովուրդի կողմէն տրուած քուէէն:
 
Փաստ է, որ օրուան իշխանութիւնները տեւական ժամանակ է ջրբաժան գծած են Սահմանադրութիւնէն, Անկախութեան հռչակագիրէն ու օրինականութենէն առհասարակ: Այս եւ ասոր նախորդած վարքագիծը կայուն բռնապետութեան ցուցիչ է, որ աննախադեպ է, միւս կողմէ Հայաստանի մէջ աւելի կը խորանայ քաղաքական ճգնաժամը:
 
Միջազգային հանրութիւնը, հակառակ խորհրդարանական ակնյայտ նահանջին, յամառօրէն կը փորձէ չնկատել առկայ իրավիճակը, մինչդեռ իշխանութեան այսպիսի վարքագիծին պէտք է հետեւեր կտրուկ եւ անմիջական արձագանգ։
 
Այս վարքագիծով օրուան իշխանութիւնները անգամ մը եւս կը հաստատեն, որ իրենք մտահոգուած են բացառապէս պաշտօններով, զբաղած՝ հետապնդումներով, զուրկ՝ երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմակայելու որեւէ կարելիութենէն, չունին ղեկավարութիւն, չեն ներկայացներ Հայաստանի ու Արցախի շահերը, իսկ այս պայմաններու տակ հեռացումը անխուսափելի է»։