Այսօր՝ 1 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Միւռոնօրհնէքի շնորհաբաշխ արարողութիւն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, նախագահութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Անթիլիասէն պիտի ճառագայթէ մեր էութեան մաս կազմող Սրբալոյս Միւռոնի դարերու աւանդը եւ Ս. Հոգիին երկնառատ բարիքները:
 
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ եօթ տարին անգամ մը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրական արարողութիւններէն մէկն է: Ս. Թադէոս առաքեալէն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետէն, Կիլիկիայէն ու Սիսէն Անթիլիաս հասած Սրբալոյս Միւռոնը, մեր պատմութեան խորքէն մեզի հասնող եւ մեր կեանքերը պայծառակերպող օրհնութեան աղբիւր է: Նոր Միւռոնին մէջ խառնելով հին միւռոնէն մասնիկ մը՝ մեր նախահայրերուն հաւատքի զօրութիւնը կը փոխանցուի մեզի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի օրհնած միւռոնով կը շարունակենք դրոշմել մեր երեխաները, օծել՝ մեր հոգեւորականները, նորակառոյց եկեղեցիները, եկեղեցական սպասները եւ ջուրը: Ուստի, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը մեզի համար հաւատքի վերանորոգութեան եւ Ս. Հոգիին շնորհքներով ծաղկազարդուելու նուիրական պահն է, որ մեզ կը կամրջէ մեր փառաւոր անցեալին հետ, որպէսզի հաւատքով զօրացած շարունակենք մեր ազգին գոյերթը: Միւռոնօրհնէքի արարողութեամբ աստուածային զօրութիւնը մեր մէջ ներգործելով կը վերանորոգէ մեր հաւատքը եւ կը լուսաւորէ մեր կեանքը:
 
Յիշենք, որ դարաւոր կայքէն՝ Սիսէն տեղահան ըլլալէ ետք, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռը ժամանակաւորապէս կը հաստատուի Հալէպ, աքսորեալ Հայրապետ Երանաշնորհ Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ 29 Մայիս 1923-ին կը կատարէ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն։ Յետ Սուրիոյ պատերազմին, 30 Մարտ 2019-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Հալէպ ժամանելով նոյն Սուրբ Միւռոնով կը վերօծէ Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին:
 
Միւռոնօրհնէքի արարողութեան ուխտաւորաբար ներկայ գտնուելով, Ամենակալէն կը հայցենք, որ Ս. Միւռոնի հեղումով մեր ժողովուրդին կեանքը ողողէ աստուածային շնորհքներով եւ երկնառատ բարիքներով: Օրհնուած Ս. Միւռոնէն բաժին մը բերելով Բերիոյ Հայոց Թեմ, մեր ժողովուրդի զաւակները եւս մասնակից կը դարձնենք Ս. Հոգիի երկնառատ բարիքներուն եւ կը վերանորոգենք մեր հաւաքական հաւատքը:
 
Միւռոնօրհնէքի արարողութեան խորհրդաւոր պահուն, կ’աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ Նորին Սրբութեան քաջառողջ եւ արեւշատ տարիներ պարգեւէ, որպէսզի ծաղկուն տարիներով շարունակէ իր հովուապետական սրբազան առաքելութիւնը, մեր սուրբ հայրապետներուն ուղիով:
 
Թող որ Միւռոնօրհնէքի հոգեպարար արարողութեամբ օրհնուին հայ եկեղեցին, հայ ազգը, հայոց հայրենիքը եւ փարատին մեր հիւանդութիւններն ու ցաւերը:
 
Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմի
1 Յուլիս 2022