ԵԿԷ՛Ք ՊԱՏՐԱՍՏԵՆՔ ԾԻՐԱՆԻ ՉԻՐ
Ծիրանը հայկական պտուղ մըն է, որ ամբողջ աշխարհին կողմէ սիրուած է: Ան ունի հիւթեղ, նուրբ եւ քնքուշ համ:
Ծիրանի չիրը օժտուած է բազմաթիւ օգտակար յատկութիւններով: Բժիշկները կը թելադրեն երեխաներուն եւ յղի կանանց, որ իրենց սննդակարգին անպայման աւելցնեն ծիրանը:
Նախ Ծանօթանանք Ծիրանի Յատկութիւններուն
-Ծիրանը կը մաքրէ մարսողական համակարգը: Ճաշելէ առաջ մէկ-երկու ծիրան կերէ՛ք ձեր մարսողութիւնը խթանելու համար:
-Ծիրանը կը պայքարի սակաւարիւնութեան դէմ: Այս համեղ պտուղը երկաթի հարուստ աղբիւր է, ինչ որ կ’օգնէ
պայքարելու սակաւարիւնութեան դէմ:
-Ծիրանը լուծողական է: Փորկապութեան պարագային, թարմ կամ չոր ծիրան կերէ՛ք, եւ շատ արագ կը լուծուի ձեր պնդութեան հարցը:
-Ծիրանը մորթը առողջ կը պահէ: Շնորհիւ իր պարունակած կենսանիւթերուն եւ հանքայիններուն ծիրանի յաճախակի օգտագործումը մորթը կը պահէ առողջ, ողորկ եւ փայլուն:
-Ծիրանը կ’օգնէ յղի կիներուն: Թելադրելի է, որ յղի կիները եւ կաթ տուող մայրերը տուրմն ու քաղցրաւենիները փոխարինեն ծիրանով, քանի որ անիկա աւելի սննդարար է եւ առողջապահական: Սակայն պէտք չէ չարաշահել զայն:
-Ծիրանը կը կարգաւորէ սրտին աշխատանքը: Դարձեալ շնորհիւ իր հարուստ բաղադրիչներուն՝ օրական քանի մը թարմ կամ չոր ծիրան ուտելը կը նպաստէ սրտանօթային համակարգի լաւ գործունէութեան:
-Ծիրանը կը պահպանէ տեսողութիւնը: Ա. կենսանիւթով հարուստ ծիրանը կը պահպանէ տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ քաթարաքթէ եւ այլ հիւանդութիւններէ:
-Ծիրանը կը կանոնաւորէ արեան գերճնշումը: Ծիրանը կը պարունակէ 3 անգամ աւելի փոթասիում եւ շատ աւելի քիչ աղ, քան՝ պանանը եւ կ’օգնէ արեան ճնշման կայունացման:
-Ծիրանը կ’ամրացնէ մկանային հիւսուածքները: Այս զարմանահրաշ պտուղը յանձնարարելի է յատկապէս մարզիկներուն եւ մարզասրահ յաճախողներուն, քանի որ երկար մարզումներէ ետք, մկանային հիւսուածքներուն մէջ յառաջացուցած միքրօճաքերը սնուցման կարիք ունին:
-Ծիրանը կ’օգնէ արեան արագ լերդացման: Ծիրանին մէջ պարունակուող ՔԱ. կենսանիւթը կ’օգնէ բաց վնասուածքներու կամ առատ արիւնահոսութեան պարագային  արեան արագ լերդացման:
Ինչպէ՞ս չորցնել ծիրանը տան պայմաններուն մէջ
1 քիլօ ծիրանի չիր ստանալու համար պէտք ունինք չորս քիլօ ծիրանի: Անոնք շատ հասուն պէտք է ըլլան, բայց ոչ՝ վնասուած: Իւրաքանչիւր հատիկ լաւ լուալէ ետք երկուքի կը բաժնենք, կորիզը կը հանենք եւ 10 վայրկեան կը մտցնենք կիտրոնի հիւթով պատրաստուած ջուրին մէջ (1 լիթր ջուրին մէջ 8 թ. դգալ կիտրոնի հիւթ աւելցնելով): Այնուհետեւ անոնք կը տեղաւորենք որեւէ քամոցի մէջ՝ ներքին մասը դէպի վեր շարելով, իրարմէ փոքր հեռաւորութեամբ:
Կարելի է նաեւ ծիրանները ամբողջութէամբ չորցնել, առանց կորիզը հանելու: Այս պարագային պտուղի կենսանիւթերը ամբողջութեամբ կը պահուին: Մօտաւորապէս մէկ շաբաթ արեւուն տակ պահելէ ետք կարելի է տեղափոխել զանոնք զով ու շուք վայր մը:
***
ԽՈՀԱԳԻՐ
—————–
ՍՄԲՈՒԿՈՎ ՃԱՇԱՏԵՍԱԿ
Բաղադրութիւն
2 սմբուկ
1 սուրճի գաւաթ ձիթաիւղ
Քիչ մը օրիկանօ
Աղ
Սեւ պղպեղ
1 գլուխ սոխ
1 հատ ստեպղին
1/2 տրցակ ազատքեղ
225 կրամ մոզարելլա պանիր
1/2 գաւաթ բրինձ
1 հատ լոլիկ
1 գաւաթ ջուր
Պատրաստութիւն
Սմբուկները երկար-երկար շերտերու վերածել, աղել եւ 10 վայրկեան եփել փուռին մէջ:
Սոխը խորանարդաձեւ կտրտել եւ ձիթաիւղով տապկել: Աւելցնել քերթուած ստեպղինը եւ ձգել 2 վայրկեան: Աւելցնել խորանարդաձեւ մանրուած լոլիկը եւ 10 վայրկեան եփել: Աւելցնել բրինձը, ջուրը եւ կրակին վրայ լաւ մը խառնել (15 վայրկեան): Կրակէն վար առնելէ ետք, աւելցնել մանրուած ազատքեղը, մոզարելլա պանիրը, սեւ պղպեղը, օրիկանօն եւ աղը: Իւրաքանչիւր շերտուած սմբուկի 1 ճաշի դգալ այս խառնուրդէն աւելցնել, փաթթել եւ ցպիկով ամրացնել:
Փուռի ափսէին մէջ մոմուած թուղթին վրայ ձիթաիւղ քսել, փաթթուած սմբուկները շարել, աւելցնել քերթուած պանիրը իւրաքանչիւրին վրայ եւ 200 ջերմաստիճան փուռին մէջ եփել 10 վայրկեան:
Սպասարկելէ առաջ ազատքեղով զարդարել:
Բարի ախորժակ
Պատրաստեց՝ Նուշիկ Սողոյեան-Առաքելեան