ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Յորդանանի մէջ կայացած արեւմտեան Ասիոյ մրցաշարքի առաջին փուլի մրցումներուն, Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց U16-ի հաւաքականը փայլուն արդիւնքներով կրցաւ արձանագրել երկու յաղթանակ, յետոյ մէկ պարտութիւն: Առաջին օրը Սուրիան 75-63 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սամուայի հաւաքականը, որմէ ետք 86-93 արդիւնքով պարտուեցաւ Ֆիլիփինէն: Երրորդ մրցումը Սուրիոյ հաւաքականին համար ճակատագրական էր եւ ան կրցաւ վերջին երկվայրկեաններուն ձեռք ձգել յաղթանակը 75-74 արդիւնքով յաղթելով Ինտոնեսիոյ հաւաքականին:
Յիշենք, որ Սուրիոյ հաւաքականին մաս կը կազմէր ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբի խաղացող Սոնիա Չամսաքեան, որ իւրաքանչիւր մրցումին կրցաւ իր դրական ներդրումը ունենալ:
– Սուրիոյ տղոց U23-ի հաւաքականը երեք օրերու տեւողութեամբ Երեւանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ SADA CUP-ի բարեկամական մրցաշարքին: Առաջին օրը Սուրիան 77-61 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Իրանէն, որմէ ետք ան կրցաւ արձանագրել երկու յաղթանակ՝ պարտութեան մատնելով Ամերիկան ներկայացնող խումբը՝ 80-69 եւ Հայաստանի հաւաքականը՝ 59-57 արդիւնքով:
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը եռօրեայ տեւողութեամբ Լիբանանի մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարեց, ուր երկու բարեկամական մրցումներ ունեցաւ Լիբանանի հաւաքականին հետ:
– Սուրիոյ Ֆութպոլի U23-ի հաւաքականը Յորդանանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ասիոյ ֆութպոլի մրցաշարքին, ուր արձանագրեց երեք հերթական յաղթանակներ: Առաջին օրը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պաղեստինը, որմէ ետք կրցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթել Լիբանանին: Առաջին փուլի վերջին մրցումին 5-0 արդիւնքով յաղթեց Քուէյթին եւ գրաւեց խմբակի առաջին դիրքը:
– Սուրիոյ մարզական պատուիրակութիւն մը ժամանեց Ալճերիոյ Ուահրան քաղաք, իր մասնակցութիւնը բերելու Միջերկրական ծովու մրցաշարքի մրցումներուն: Սուրիոյ մարզական խումբերը սահմանափակուեցան անհատական մարզախաղերով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԳՐԱՒԵՑ ՖԻՖԱ-Ի 92-ՐԴ ԴԻՐՔԸ 
Միջազգային Ֆութպոլի Դաշնութիւնը՝ ՖԻՖԱ-ն, հրապարակեց ազգային հաւաքականներու դասակարգման հերթական աղիւսակը: Հայաստանի հաւաքականը 1242,42 վարկանիշային կէտերով մնաց նոյն՝ 92-րդ հորիզոնականին վրայ: Դասակարգման աղիւսակը 1837 կէտերով կը գլխաւորէ Պրազիլի հաւաքականը. անոր կը յաջորդեն Պելճիքան, Արժանթինը, Ֆրանսան, Անգլիան, Սպանիան, Իտալիան, Հոլանտան, Փորթուկալը եւ Դանիան: Սոյն դասաւորման մէջ Սուրիոյ հաւաքականը կը գրաւէ 89-րդ հորիզոնականը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան