Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Միւռոնօրհնէքի փառաշուք արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքէն ներս, բազմահազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
 
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւն