Երաժշտութիւնը կ՚ազնուացնէ հոգին եւ կը հանդիսանայ միջազգային լեզու մը, որ կը հնչէ տարբեր ժողովուրդներու կողմէ, բոլորին համար։
 
Արդարեւ, նորահաս սերունդին մօտ հայկական երաժշտութեան սէրը արթնցնելու եւ անոր հոգիին մէջ զայն մշտակէզ պահելու համար, Համազգայինի «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի երաժշտական յանձնախումբը նախաձեռնեց երաժշտական- գեղարուեստական երեկոյի մը կազմակերպման, Դամասկոսի պետական երաժշտանոցի հայ ուսանողներուն կատարողութեամբ։
 
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 2 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ահարոնեան» կեդրոնի սրահէն ներս, ներկայութեամբ վարչութեան եւ յանձնախումբի անդամներուն, ծնողներուն եւ երաժշտասէր հանրութեան։
 
Վարչութեան եւ յանձնախումբի
անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարչութեան անդամ Ժանէթա Պրունսուզեան ու յայտնելով նախաձեռնութեան նպատակը ըսաւ. «Երաժշտութիւնը կ՛ազնուացնէ հոգին եւ տարբեր ժողովուրդներու միացման օղակ կը կազմէ:
«Դարերու տառապանքէն յաղթական դուրս եկած մեր մշակոյթին ամէնէն մեծ գործօններէն են հայ երգն ու երաժշտութիւնը։ Ուստի համազգայինը մեծ դերակատարութիւն ունի զանոնք պահելու եւ նորահաս սերունդին սեփականութիւնը դարձնելու:
Այս նպատակով կազմակերպեցինք երաժշտական այս համեստ երեկոն, քաջալերելու մեր պատանիներն ու երիտասարդները, համախմբելու զանոնք համազգայինին շուրջ, որպէսզի անոր հովանիին տակ կենսաւորեն նաեւ հայ երգն ու երաժշտութիւնը, սիրեն ու ապրին հայկական երաժշտութեան շունչով ու ոգիով»։
 
Այնուհետեւ ներկաները հաճոյքով ունկնդրեցին եւ վայելեցին հայկական ու միջազգային երաժշտական կտորներու ընտրանի մը, զորս մեր սիրելի աշակերտները սորված էին պետական երաժշտանոցէն ներս։
Այսպէս` դաշնամուր նուագեցին հուրիկ Քիւլլիւքեան՝ Gurlitt «Etude» եւ Bach «Musette», Արփի Ճանսըզեան՝
Prokefiev «Promode» և Bach «Invention No. 4», Սարգիս Ճանսըզեան՝ Cazella «Galop», Back «Invention No. 13», Սարօ Ասատուրեան՝ Պապաճանեան «Չքնաղ Երազ» , Golden «Tango», Սէրլի Առաքելեան՝ Պապաճանեան «Մելոտի»։
 
Ջութակ նուագեցին Պերճ Ասատուրեան՝ Rieding«Concert in H moll»,
Սերժ Պոյեաճեան՝ Mozart «Concert in A moll» եւ Արէն Սեդիկեան ՝Seitz «Concerto Nօ. 3»:
Կիթար նուագեց Սարգիս Առաքելեան՝ Calstrayud «Waltz»:
 
Աւարտին Ժանէթա Պրունսուզեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, որոնք իրենց ճկուն, նրբաճաշակ եւ հոգեթով կատարումներով համայեցին բոլորը։ Ան խրախուսեց զիրենք, մաղթելով որ մշակոյթի եւ երաժշտութեան սէրը միշտ վառ պահեն եւ բարձրագոյն ուսում ստանալով փարին նաեւ հայկական երաժշտութեան եւ առիթ ունենան շրջապտոյտներ կատարելու հայկական մշակոյթի անդաստանին մէջ։
 
Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք առաջնորդելով իրենց զաւակները դէպի համազգային, զօրավիգ կը հանդիսանան նախաձեռնութիւններուն այն միութեան, որուն ճամբով կ’երաշխաւորուի մեր ազգային ինքնութեան պահպանումը։
 
Հուսկ, յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած հայկական դասական երաժշտութեան խտասկաւառակով պարգեւատրուեցան մասնակցողները։
 
Նախաձեռնութիւնը արժանացաւ ներկաներուն ջերմ գնահատանքին, արձանագրելով խանդավառութիւն եւ փայլուն յաջողութիւն։
Երաժշտական շունչով յագեցած հանդիսականները բաժնուեցան սրահէն՝ կրկին հանդիպելու յոյսով։
 
Սոնա Անտրեան
Դամասկոս