Աշխարհաքաղաքական ներկայ կացութեան մէջ, երբ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ճնշումներ բանեցնելու Հայաստանի վրայ ու նախապայմաններ դնելով ճամբաներու ապաշրջափակման թէզը պաշտպանելու իրենց շահերէն մեկնելով, Հայաստան բանակցային գետնի վրայ, աշխարհագրական առումով եւ քաղաքական իր մշակոյթով տարբերելու շարք մը յատկութիւններ ունի, որոնց օգտագործման օրակարգը առաջնային կը համարուի եւ ուժերու գերլարում կը պահանջէ:
Բանակցային գետնի վրայ Ատրպէյճան  խախտած է 9 Նոյեմբերի իր ստորագրած համաձայնագիրին շարք մը կէտերը, ինչպէս գերիներու ազատ արձակումն ու հայկական տարածքներ չներխուժելու իր պարտաւորութիւնը:
Այս խախտումը ինքնին հայկական կողմին վրայ պարտք կը դնէ տէր դառնալ իր տարածքներուն եւ նորանոր զիջումներու որեւէ թէզ ետ մղել դիւանագիտական ճկունութեամբ:
Աշխարհագրական իր դիրքով Հայաստան, ճամբաներու ապաշրջափակման պարագային, ունի տարածաշրջանային երկիրներ իրար միացնելու առաւելութիւն, առանց սակայն միջանցքներ տրամադրելու, ինչ որ առաւելութիւն կը շնորհէ Հայաստանին բանակցային ոլորտին մէջ կայուն դիրքերէ խօսելու եւ յաւելեալ զիջումներ բացառելու: Առանց Հայաստանի համաձայնութեան, վերջապէս, կարելի չէ Հարաւային Կովկասի այդ հատուածին օգտագործումով  խաղաղ երթեւեկութիւն հաստատել ու ամրագրել զայն, որքան ալ պարտադրանքի ու սպառնալիքի լեզուով փորձեն խօսիլ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան:
Երրորդ. Հայաստանի քաղաքական մշակոյթը հիմնովին կը տարբերի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բռնապետական վարչակարգերու քաղաքական մշակոյթներէն: Այս առաւելութիւնը շեշտադրելու փոխարէն զարմանալի են ժողովրդավարութիւնը ոտնահարող Հայաստանի իշխանութիւններու ներկայ քաղաքականութիւնը, ընդդիմութեան ներկայացուցիչները պաշտօնազրկելու եւ քաղաքական մեծամասնութեան կամքը պարտադրելու փորձերը, որոնք կը հակասեն ՀՀ սահմանադրութեան ու ժողովրդավարութեան բոլոր սկզբունքներուն:
Հայաստան ժողովրդավարութեան ու բազմակարծութեան իր մշակոյթով առաւելութիւն արձանագրած է ու հարկ է այդ առաւելութիւնը շեշտադրել, ընդգծելու դրացի երկիրներու բռնապետական կարգերու բացասական ազդեցութիւններն ու հետեւանքները եւ մերձենալու ժողովրդավարութեան եւրոպական չափանիշներուն:
Ընդդիմութիւնը, վերջապէս, իշխանութեան քաղաքականութեան նշաձողերը ուղղելու եւ բանակցային գործընթացին մէջ այլընտրանքներու առիթներ ստեղծելու քաղաքական կամքն է որ կը դրսեւորէ, ոչ թէ իշխանութեան գոյութեան կը սպառնայ, այնպէս ինչպէս կը համարուի յետադիմական երկիրներու մէջ:
Այլ առաւելութիւն մըն է հայկական Սփիւռքին գոյութիւնը, որուն դերը նսեմացնելու համար Թուրքիոյ իշխանութիւնները ամէն միջոցի կը դիմէին ու կը դիմեն, ցաւօք ազդելով նաեւ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան Սփիւռքի հետ յարաբերութեան վրայ:
Հայ քաղաքական միտքը հարկ է որ ճիշդ ուղղութեան վրայ պահէ Հայաստանի ու հայութեան շահերուն նշաձողը՝ առանց իյնալու իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բնական այլակարծութիւնը ժողովրդավարութեան անկումի վերածող ու ընդդիմութեան դէմ պատերազմ սանձազերծող կարճատեսներու ծուղակին մէջ:
Հայաստանը ճակատագրական հարցերու ընդառաջ կանգնած է, լուսարձակը հարկ է բանալ  այդ հարցերու լուծման քայլերուն վրայ: