«Հալէպը Սուրիոյ դէմ ծաւալած ահաբեկչական պատերազմի տարիներուն ամէնէն շատ տուժած նահանգն էր, որովհետեւ ահաբեկիչներուն նպատակը թէ՛ Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքի՝ Հալէպի, արժէքը նսեմացնել, թէ նահանգի մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը նենգափոխել, եւ թէ Հալէպի բնակչութեան դիմագիծը քայքայել էր»:
Սուրիոյ նախագահին Հալէպ այցելութեան առիթով արտասանած այս խօսքերը լոկ մարդասիրական ապրումներէ բխած արտայայտութիւններ չէին, այլ քօղազերծումն էին բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնք դաւադրաբար ի գործ կը դրուէին Թուրքիոյ եւ արեւմտեան երկիրներու կողմէ հովանաւորուած ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռամբ եւ յաջողելու պարագային Հալէպն ու իր արուարձանները ենթակայ կրնային դարձնել Թուրքիոյ ուղղակի ազդեցութեան:
Ահա թէ ինչո՛ւ, պատերազմի տարիներուն, դաւադրական այդ ծրագիրին իբրեւ արդիւնք քանդուեցան Հին Հալէպի պատմական վայրերը, Հալէպի արեւելեան արուարձանի ելեկտրակայանը: Նոյն նպատակով քանդուեցան  ու թալանուեցան Հալէպի գործարանները մէկը միւսին ետեւէն, ապա նաեւ ճարտարարուեստի տարբեր կեդրոնները՝ Շէյխ Նաճճարէն մինչեւ Ռամուսէ եւ այլուր, հրթիռակոծուեցաւ Հալէպի Օմայյատ մզկիթն ու անոր խորհրդանիշներէն մէկը Թուրքիա փոխադրուեցաւ: Հրթիռակոծուեցան Հալէպի հայկական թաղամասերը, յատկապէս՝ Նոր Գիւղը: Շարքը երկար է պատերազմի տարիներուն Հալէպի մէջ այս ծրագիրին իրականացման համար ի գործ դրուած անմարդկային արարքներուն:
Սուրիոյ նախագահը Սուրիոյ պատերազմէն ու Հալէպի ազատագրումէն վերջ առաջին անգամ ըլլալով Հալէպ այցելելով նախ յայտարարեց դաւադրական այս ծրագիրին ձախողումը, հաստատելով որ Հալէպ նահանգը, իր բոլոր            արուարձաններով, կը մնայ Սուրիոյ կարեւորագոյն նահանգներէն մէկը:
Հալէպի արեւելեան արուարձանի ելեկտրակայանին վերաբացումով, նախագահը Հալէպի բնակչութեան ուղերձ յղեց՝ հաստատելով, որ ելեկտարականութեան բարելաւումով Հալէպի տնտեսական դերը Սուրիոյ ընդհանուր տնտեսութեան մէջ աստիճանաբար պիտի վերականգնի:
Երկրի տարածքային ամբողջականութեան շեշտադրումը եւս կը հնչէր նախագահին ուղերձին մէջ, յատկապէս վերջին շրջանին Սուրիոյ հիւսիսային արուարձաններու մէջ զինուորական գործողութիւններ սկսելու Թուրքիոյ նկրտումներուն որպէս պատասխան: Նախագահը իր ուղերձով կը հաստատէր, որ Հալէպը կարմիր գիծ է, իսկ Սուրիան անվարանօրէն դէմ պիտի դնէ երկրի տարածքներ ներխուժող օտար ուժերուն: Թուրքիոյ այս նկրտումները  օրին դատապարտուեցան նաեւ Սուրիոյ դաշնակիցներու կողմէ:
Այս այցելութեամբ նախագահը արտաքին աշխարհին կը յայտնէր նաեւ, որ Սուրիան ինքնիշխան երկիր է եւ որեւէ մարդասիրական օժանդակութիւն կարելի է առաքել միայն Սուրիոյ օրինական իշխանութիւններուն ճամբով՝ յարգելով Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:
Սուրիոյ նախագահը ընտանեօք Հալէպ այցելելով եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան հետ ուղղակի հանդիպելով եկաւ հաստատելու Սուրիոյ աշխարհագրութեան ու բնակչութեան տիրութիւն ընելու իր վճռակամութիւնը՝ ի հեճուկս երկրի կայունութեան քայքայման ձգտող արտաքին բոլոր ուժերուն: