Գեղատեսիլ բնութեամբ եւ տեսարժան վայրերով բնորոշուած հայաբնակ Ղնեմիէ գիւղը սուրիահայութեան համար իւրայատուկ նշանակութիւն ունի: Տարեկան բանակումներով եւ ուխտագնացութեամբ յաճախ սուրիահայեր կ’այցելէին Ղնեմիէ: Ամէն տարի, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին յաջորդող Կիրակի օրը ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Ս. Գէորգ եկեղեցի եւ մատաղօրհնէք կը կատարուէր: Ղնեմիէի մէջ կը գտնուի պատմական Ս. Գէորգ եկեղեցին, երիցատունը, յարակից սրահը եւ հայերու պատկանող բնակարաններ: Յետ պատերազմին, Ղնեմիէի Թաղական Խորհուրդին ջանքերով եւ ղնեմիէցիներու բարերարութեամբ, Ս. Գէորգ եկեղեցին վերանորոգուեցաւ, կրկին ծաղկեցնելու Ղնեմիէի եւ շրջանի բնակիչներուն հոգեւոր կեանքը:
Արդարեւ, Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Լիբանանէն վերադարձին, պատուիրակութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Ղնեմիէ, ուր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Ս. Գէորգ վերանորոգուած եկեղեցւոյ վերօծումը կատարեց, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ նոր օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնով:
Մեր պատմութեան խորերէն մեզի փոխանցուած Սրբալոյս Միւռոնով օծուեցաւ Ղնեմիէի մատուռը եւ երկնառաք բարիքներով օրհնուեցան Ղնեմիէի մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կառչած մնացին մեր ազգային-եկեղեցական արժէքներուն եւ հաւատարմօրէն ծառայեցին սուրիական հայրենիքին:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան պետական անձնաւորութիւններ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ Միաբաններէն Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատեհճեան, որ անցնող շաբաթներուն Աբեղայ ձեռնադրուեցաւ, Լիբանանէն հիւրաբար ժամանած Արժ. Տ. Գրիգոր Քհնյ. Եղիայեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, Կրօնական Ժողովի անդամ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան, Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Վահէ Արէճան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան նախկին ատենապետ Վահէ Կարճիկեան եւ նորանշանակ ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեան, Լաթաքիոյ ՀԲԸՄ-ի ատենապետ տոքթ. Նիկոլ Մատանի եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Սրբազան Հայրը Սրբալոյս Միւռոնով կատարեց վերօծումը՝ եկեղեցւոյ մայր դրան, սիւներուն եւ Ս. Խորանին: Այս առիթով օծուեցան նոր սրբապատկերներ՝ Աստուածամօր, Յիսուսի մկրտութեան եւ Ս. Գէորգի նուիրուած:
Արարողութենէն ետք, Սրբազան Հայրը թափօր կազմած, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին նուագակցութեան ներքոյ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ յարակից սրահը, ուր իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, բնաբան ունենալով (Ղկ 6.46-49) համարները, որոնց ընդմէջէն ան ներկաներուն պատուիրեց ժայռի վրայ, այլ խօսքով Քրիստոսի ուսուցումներուն վրայ կառուցել մեր հաւատքի տունը, որպէսզի հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կանգուն եւ հաստատուն մնայ։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Ղնեմիէի Ս. Գէորգ վերանորոգուած եկեղեցւոյ նոր Միւռոնով վերօծումը հրաւէր մըն է վերականգնելու մեր եռանդը, աշխատասիրութիւնը, հաւատքը եւ ապագային նկատմամբ մեր ունեցած յոյսը։
Մասիս Եպիսկոպոս մաղթեց, որ վերօծումի այս բովանդակալից արարողութեամբ կրկին պայծառանայ Ղնեմիէի եկեղեցին, վերանորոգուի նաեւ յարակից սրահը եւ ուխտաւորներ ամէն տարի այցելեն եւ իրենց ուխտը կատարեն։ Ան մաղթեց նաեւ, որ Եագուպիէի, Թէլ Ապիատի եւ Սուրիոյ այլ շրջաններ ազատագրուին եւ այնտեղ եւս մեր ժողովուրդի զաւակները համախմբող ուխտագնացութիւններ կազմակերպուին։
Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնելով, շնորհաւորեց շրջանի հայութիւնը, գնահատեց եկեղեցւոյ մէջ ծառայողները, բարերարները եւ թաղականութիւնը, որոնք ձեռք-ձեռքի տալով յաջողցուցին վերանորոգութեան ծրագիրը եւ մեր բոլորին երազը իրականացուցին:
Թող որ Ղնեմիէ աւանը դարձեալ պայծառանայ շրջանի հայութեան ներկայութեամբ եւ ուխտաւոր ժողովուրդի այցելութեամբ:
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան