Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 17 Յուլիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նորօծ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատեհճեան իր ծննդավայրէն՝ Հալէպէն ներս, անդրանիկ աբեղայական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագին Ներկայ գտնուեցան Ազգ․ Վարչութեան անդամներ, նորօծ Հայր Սուրբին ծնողքն ու հարազատները եւ մեծաթիւ հաւատացեալներ:
 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանով եւ օրհնութեամբ, անցնող ամիսներուն Դպրեվանքի շրջանաւարտ Հայր Առաքել աբեղայ ձեռնադրուեցաւ, մաս կազմելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններուն:
 
Սուրբ Պատարագի ընթացքին, ներկաներուն հոգիները բերկրանքով լեցուեցան՝ ի տես Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի ուսման տարիները աւարտած հալէպահայ Հայր Առաքելին պատրաստուածութիւնն ու նուիրուածութիւնը՝ ծառայելու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:
 
Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Բարշ. Բժշկ. Սարգիս Սրկ. Իսկէնեանի:
 
Հալէպի մէջ իր անդրանիկ քարոզի սկզբնաւորութեան, Հայր Առաքել փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ, Իր շնորհած բարիքներուն համար: Ան իր որդիական ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին՝ Դպրեվանքէն ներս ուսման տարիներուն իր հայրական հոգածութեան համար: Հայր Առաքել շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որուն տնօրինումով եւ քաջալերանքով այսօրուան Պատարագը մատուցեց: Վերջապէս, ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Քահանայ Հայրերուն, Թաղական Խորհուրդին, Դպրաց Դասին եւ բոլոր մարմիններուն իրենց հիւրընկալութեան համար:
 
Օրուան քարոզին բնաբանն էր Բեթհեզդայի անդամալոյծին բժշկութեան դրուագին մէջ անդամալոյծին հետեւեալ խօսքը. «Տէ՛ր, մէկը չունիմ»: Հայր Սուրբը ներկայ հաւատացեալներուն պարզաբանելով աստուածաշնչական հատուածը, բարձրաձայն խորհրդածութեամբ հետեւեալ երկու կէտերը մատնանշեց.-
Ա. «Տէ՛ր, մէկը չունիմ»:
Հայր Սուրբը դիտել տուաւ, որ մարդու էութիւնը փշաքաղող եւ սիրտը ճմլող այս արտայայտութիւնը կու գայ տառապող եւ տանջուող անձէ մը, որ 38 տարիներէ ի վեր անդամալոյծ էր, կը չարչարուէր, զինք օգնող մէկը չունէր, մխրճուած էր մեղքի մէջ եւ հոգեւոր պապակէ եւ երաշտէ կը տառապէր: Սակայն, ճշմարիտ բժիշկը՝ Յիսուս Քրիստոս մօտեցաւ անոր եւ բժշկեց:
 
Բ. Յոյսի հրամայականը:
Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ անդամալոյծը մարդոցմէ իր յոյսը կտրած էր, սակայն 38 տարիներ յոյսով սպասեց Տիրոջ եւ բժշկութեան արժանի դարձաւ:
 
Հետեւաբար, Հայր Առաքել հաստատեց, որ կեանքի դժուարութիւններուն մէջ մենք առանձին չենք, այլ մեր կողքին ունինք մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ երկինքէն երկիր իջաւ փաստելու համար, որ միշտ մեզի հետ է: Ան հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի անդամալոյծին օրինակին հետեւելով ապաւինին Աստուծոյ եւ յոյսով սպասեն Տիրոջ օգնութեան:
Ապա, Հայր Սուրբին կողմէ հաւատացեալներուն մատակարարուեցաւ Ս․ Հաղորդութիւն։
 
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահէն ներս, Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, Հայր Սուրբին եւ անոր ծնողներուն ու հարազատներուն հետ շնորհաւորական հանդիպում տեղի ունեցաւ:
 
Այս առիթով, եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը յուշանուէրով մը պատուեց Հայր Սուրբը։
Հայր Առաքել խօսք առնելով, կրկին անգամ իր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ իր հայրական հոգատարութեան համար: Շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ պատարագելու այս առիթը ընծայեց իրեն: Վերջապէս, ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր ծնողներուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն զինք՝ ծառայելու Հայ Եկեղեցւոյ:
Ան անդրադառնալով սրահէն ներս ներկայ գտնուող իր դպրեվանեցի եղբայրներուն, պատուիրեց որ մեծ սիրով եւ նուիրուածութեամբ շարունակեն իրենց ուսումը՝ միասնաբար ծառայելու Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգին:
Հայր Սուրբին ծնողքը եւս շնորհակալական խօսք ուղղեց բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։
 
Աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հայր Առաքելը՝ աբեղայական ձեռնադրութեան առիթով եւ մաղթեց, որ նուիրուածութեամբ եւ մեծ սիրով շարունակէ իրեն վստահուած եկեղեցանուէր առաքելութիւնը՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։