Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը ցոյց կուտայ, որ կեանքի փոթորիկներուն դիմաց հայութեան ամրակուռ ամրոցը դարձած է հայ դպրոցը։ Հարիւրամեայ պատմութիւն կերտած Լաթաքիոյ Ազգ.Սրբ. Նահատակաց վարժարանը, հաւատարիմ իր կոչումին՝ գիտութիւն, ուսում եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբած է հայ աշակերտին, պայծառացնելով անոր հոգին եւ ծաղկեցնելով անոր միտքը։ Սփիւռքի տարուան եւ վարժարանիս 100-ամեակի զոյգ առիթներուն նուիրուած էր տարուան միջնակարգի հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին «Արարատ» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան։
 
Օրուան հանդիսավար Տ. Լարա Սապունճեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Սուրիոյ եւ Հայաստանի նահատակներուն, որմէ ետք Հայաստանի եւ Սուրիոյ քայլերգներով հանդէսին բացումը կատարուեցաւ։
 
Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքեր արտասանեցին Լարա Սապունճեան եւ պետական տնօրէնուհի Պատրիա Խտըր Սալէմ՝ բարի գալուստ եւ հաճելի ունկնդրութիւն մաղթելով հանդիսատեսներուն։
 
Այնուհետեւ, շրջանաւարտները հերթականութեամբ ներկայացուցին Յ. Շիրազի հայրենասիրական քերթուածներէն փունջ մը եւ արաբերէն ասմունք՝ «գիտութեամբ եւ աշխատանքով կրնանք հայրենիք կերտել» նիւթով։ Ետքը, խումբ մը շրջանաւարտներ ներկայացուցին վարժարանիս 100-ամեակին նուիրուած հայերէն եւ արաբերէն հատուածներ, գովաբանելով անոր երկարամեայ երթը եւ սերունդներու դաստիարակութեան ծիրէն ներս անոր ունեցած անջնջելի դրոշմը։
 
Մէջբերումներով, շրջանաւարտ աշակերտներ՝ Սիլվի Տէօքմէճեան, Հաննա Սալիպա և Սիմոն Սարրաֆ ներկաներուն հրամցուցին երաժշտական մատուցումներ։ Հմայիչ նազպարէ մը ետք, սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ սփիւռքի հակիրճ պատմականը՝ որուն եզրափակիչ պատկերով յիշատակուեցաւ 100 տարի հաստատ կաղնիի նման կանգուն մնացած վարժարանիս զարգացման փուլերը, որմէ ետք շրջանաւարտները հպարտութեամբ ու բարձրաձայն կոչեցին.
 
«Յարգանք, պատիւ, բարի երթ քեզ՝ մեր վարժարան,
Մեր գաղութին դուն ողնասիւ՛ն,
Դուն մեր ամրո՛ց, մտքի դարբնո՛ց,
Դեռ սերունդներ կուգան կ՛երթան,
Մնա՛ կանգուն դուն յաւիտեան»։
 
Շրջանաւարտներու շրթներէն փխած զգայացունց արտայայտութիւնները խանդավառ ծափողջոյններով ընկալեցին ներկաները, մերթ ընդ մերթ իրենց բերկրանքի արցունքները սրբելով։
Հասած էր արդէն հրաժեշտի պահը։
Արաբերէն ուղերձ արտասանեց Սիմոն Սարրաֆ, որ գոհունակութեամբ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց իր ուսուցիչներուն ու տնօրէնութեան, իրենց ցուցաբերած հոգատարութեան համար, ապա երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց երկրիս վսեմաշուք նախագահին։
 
Հայերէն ուղերձ արտասանեց Լանա Հատտատ։Ան հրաժեշտի զգացումներով վերյիշեց դպրոցական քաղցրիկ յուշերը և մեծապէս գնահատեց վարժարանիս տարած հսկայ աշխատանքը հայապահպանման ծիրէն ներս, ապա յաջորդ սերունդի փոքրիկ աշակերտին յանձնեց դպրոցին անլռելի զանգը, որպէսզի նոր թափով ու եռանդով շարունակուի 100-ամեայ երթը։
 
Շրջանաւարտներու հրաժեշտի պարով հանդէսը հասած էր արդէն իր աւարտին։ Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան դպրոցի տնօրէնուհի Հուրի Գարամարտեան՝ իր սրտի խօսքը ուղղելու, որմէ ետք հրաւիրուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան եւ արժանապատիւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան, կատարելու վկայականաց բաշխումը։
 
Ընթացքին, վարժարանիս կողմէ պարգեւատրուեցան հայերէն լեզուի գերազանց նիշ ապահոված շրջանաւարտները։ Որպէս աննախընթաց երեւոյթ, վարժարանիս տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձութիւնը պարգեւատրեցին նախորդ տարուան պետական քննութեան գերազանց արդիւնքներ ապահոված վեց աշակերտները։ Պարգեւատրուեցան նաեւ պետական պիոներական եւ երիտասարդական շարժումներու միջդպրոցական մրցանքներուն մասնակցող աշակերտները, որոնք ապահոված էին պատուաբեր արդիւնքներ։
Գերշ. Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց հանդէսի պատրաստութեան բծախնդիր աշխատանքը և վարժարանիս միջնակարգի 16-րդ հունձքը անուանեց «100-ԱՄԵԱԿ»ի սերունդ։ Ապա թելադրեց գիտութեամբ զինուած՝ խիզախօրէն դիմագրաւել կեանքի ելեւէջները, յաղթահարելու բոլոր խոչընդոտները։
Հանդէսը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
 
Մեղրիկ Ապահունի Մանճեան