Համագործակցաբար Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Ընդհ. Վարիչ Մարմինին հետ, «Գանձասար» այս սիւնակով պիտի հրատարակէ պատանեկան նոր գրիչներու առաջին փորձերը՝ քաջալերելու անոնց մուտքը հայ մամուլ: 
***
Բացարձակապէս դիւրին չէր 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանը: 2021-ի ամառը իսկապէս շատ հաճելի էր, չէինք մտածեր դասերու մասին: Ես եւ ընկերուհիներս մեր ժամերը միասնաբար վայելելով բոլորեցինք արձակուրդը: Այդպէս ալ պէտք էր ընէինք: Հակառակ որ ուրիշներ նախընտրեցին արձակուրդը դաս սորվելով անցընել: «Ամէն բան իր ժամանակին պէտք է ընել ու վայելել: Արդէն դասերը կրկնելէն պիտի ձանձրանանք, ի՞նչ կարիք կայ ամառուընէ դաս սորվելու», կը խորհէի:
Ուրախ եմ, որ չեմ զղջացած այս որոշումը առնելուս համար: Ամբողջ տարեշրջան մը աշխատեցանք ու յոգնեցանք, իսկ հիմա կը սպասենք պրովէի արդիւնքներուն:
Քննութիւնները աւարտելէն անմիջապէս ետք սկսանք հանդէսի փորձերուն: Այն փորձերը, որոնց կը սպասէի տարիէ մը ի վեր: 9-րդ կարգի առաջին օրերէն կը մտածէի մեր շքեղ հանդէսին մասին: Անհամբեր էի ու միշտ կ’ուզէի իմանալ, թէ ե՛րբ պիտի հասնէր այդ օրը:
Շաբաթ, 25 Յունիս 2022-ն էր սպասուած օրը: Փութկոտ կը սպասէի հանդէսի սկսելուն: Ժամերը շա՜տ արագ անցան: Յետմիջօրէի ժամը 6:30-ին հաւաքուեցանք Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակը: Բոլորիս ուրախութիւնը անսահման էր: Ժամ մը իրարու հետ խնդալ-խօսելէ ետք, պէտք էր քուլիս անցնէինք, որովհետեւ ժամը 7:30-ը կը հասնէր:
Հանդէսը սկսաւ հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներով ու հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով: Ետքը ներկայացուցինք ասմունք, նուագ, Ճեմարանի 75-ամեակի պատկեր եւ հանդէսը փակուեցաւ վկայականներու բաշխումով: Բեմը կարծէք մեր աշխատանքի արդիւնաւորման բերկրանքը կը հաղորդէր:
Զգացումներս անբացատրելի էին, երբ նետեցինք մեր գլխարկները ու իրար փաթթուեցանք ուրախութեան արցունքներով: Իսկապէս անմոռանալի վայրկեաններ էին: Զիրար շնորհաւորելէ ետք ուղղուեցանք դէպի Տիգրանեան պարտէզ՝ ամբողջացնելու այս անմոռանալի օրուան յիշատակները:
Ժամերը անցան պարելով ու հաճելի մթնոլորտով:  Չէի ուզեր, որ օրը աւարտին հասնի… Լուսաբացին՝ ժամը 3:30-ին, երբ տուն վերադարձանք, տակաւին չէի յոգնած ու եռանդը կը պատէր հոգիս: Ուրախութիւնս անսահման էր:
Վերջապէս կրնամ հաստատել, որ մեր հանդէսը եղաւ 9-րդ կարգի երկար ճամբորդութեան վերջընթեր կանգառը: Եզրափակիչը՝ արդիւնքներու յայտարարութիւնն է:
Եսթեր Կիւլտալեան
«Արամ Մանուկեան» Մասնաճիւղ
Դ. կարգ