Սուրիական զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ Ուրբաթ, 22 Յուլիսին, ժամը 00։32-ին, սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը Դամասկոսի շրջակայքին մէջ դէմ դրին իսրայէլեան հրթիռային յարձակումի մը, վար առնելով կարգ մը հրթիռներ։
 
Իսրայէլ հրթիռները արձակուած էին սուրիական բռնագրաւուած Կոլանի կողմէն, թիրախ ընտրելով Դամասկոսի շրջակայքի զինուորական կեդրոններ։
 
Յարձակումին հետեւանքով նահատակուեցան երեք զինուորական ծառայողներ, վիրաւորուեցան եօթը ուրիշներ։ Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։