Եկեղեցական տօները, յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ տաղաւար տօները՝ հոգեւոր արթնութեան, հաւատքի ամրապնդման եւ ներքին ուրախութեան հրաւիրող հոգեթով պահեր են:
 
Կիրակի, 24 Յուլիս 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով յիշատակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւար տօներէն երրորդը՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան (Պայծառակերպութեան) տօնը, որ ծանօթ է նաեւ Վարդավառ անունով:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը հաւատացեալներուն ուղղեց Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ներկայութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու:
 
Հանդիսաւոր թափօրով եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եկեղեցի մուտք գործեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Եկեղեցւոյ Դպրաց դասը Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եւ Այլակերպութեան տօնին նուիրուած շարականներով լիցքաւորեց հաւատացեալներուն հոգիները:
Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան եւ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան: Ս. Խորանին սպասարկեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի ուսանողներ, որոնք ժամանակաւորապէս Հալէպ կը գտնուին:
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներուն ուղղեց իր պատգամը, բնաբան ունենալով հետեւեալ աստուածաշնչական համարը. «Տեսանք Անոր փառքը. փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն» (Յհ 1.14): Սրբազան Հայրը Քրիստոսի այլակերպութեան խորհուրդը բացատրեց ներկաներուն, դիտել տալով, որ Այլակերպութեան տօնը այն պահն է, երբ Քրիստոս իր աստուածութիւնը բացայայտեց երեք աշակերտներուն, եւ անոնց ճամբով ողջ մարդկութեան:
Մասիս եպիսկոպոս յայտնեց, թէ այս տօնը կը կոչուի նաեւ Վարդավառ, որ որպէս մաքրութեան խորհրդանիշ ջուր սրսկելու գեղեցիկ աւանդութիւնը կը բովանդակէ:
 
Այլակերպութեան խորհուրդին ընդմէջէն Սրբազան Հայրը ներկաներուն պատուիրեց, որ
Ա. Աղօթեն եւ հոգեւոր հաղորդակցութեան մէջ մտնեն Արարիչին հետ:
Բ. Տեսնեն Աստուծոյ պարգեւած շնորհքները:
Գ. Վկայեն եւ իրենց ունեցած շնորհքները ծառայութեան ճամբով գործնականօրէն թարգմանեն՝ Աստուծոյ փառքին համար:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ անցնող շաբաթներուն Թեմի Միաբաններուն եւ ազգայիններուն հետ ներկայ գտնուած է Անթիլիաս՝ Միւռոնօրհնէքի արարողութեան, ապա նաեւ Միաբանական ընդհ. Ժողովին, իր հետ բերած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնէն բաժին մը եւ այսօր նորօրհնեալ Ս. Միւռոնով ջրօրհնէք պիտի կատարէ: Մասիս եպիսկոպոս Վեհափառ Հայրապետին ողջոյններն ու գնահատանքը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան, Կրօնական Ժողովին, ազգային մարմիններուն եւ ժողովուրդի զաւակներուն:
 
Սրբազան Հայրը սրտի անհուն ուրախութեամբ յայտնեց, թէ անցնող շաբաթներուն Վեհափառ Հայրապետին դիմած է՝ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանին եւ Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանին վարդապետական լանջախաչ շնորհելու խնդրանքով: Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Սրբազան Հօր փափաքին, օրհնութեան գիրով Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանին շնորհեց վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբաթներուն Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչին պիտի շնորհէ:
Սրբազան Հայրը հաւատացեալներու յոտնկայս ներկայութեան ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը եւ լանջախաչ շնորհելու կարգը կատարեց՝ լանջախաչ նուիրելով անոր:
 
Պատարագէն ետք, Մասիս Եպիսկոպոս նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնով Ջրօրհնէք կատարեց, աղօթելով Ամենակալին, որ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը անպակաս պահէ մեր ընտանիքներուն վրայէն եւ փարատէ մեր հիւանդութիւններն ու ցաւերը:
Սրբազան Հայրը «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ եւ թափօր կազմած ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ժողովուրդին բաժնուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած ջուրը: Հաւատացեալները հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ մաղթեցին, որ Սրբալոյս Միւռոնին ընդմէջէն աստուածային երկնառաք օրհնութիւնը անպակաս մնայ իրենց ընտանիքներուն եւ զաւակներուն վրայէն:
Աւարտին, «Ն. Աղբալեան» սրահէն ներս, ի պատիւ Հայր Սուրբին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն։ Ներկաները իրենց շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Հայր Սուրբին։