Քուէթաբնակ բարերար Կիրակոս Գույումճեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հետ, իր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ հալէպահայ վարժարաններու 12-րդ կարգի պետական քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրած հայ ուսանողներուն։
 
«Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակի տուչութիւնը այս տարի եւս գործադրելու տրամադրութեամբ, պարոն Կիրակոս կը գնահատէ հայկական վարժարաններու 12-րդ կարգի հայ ուսանողները, մրցակցութեան առողջ ոգիով իրենց ձեռքբերած արդիւնքներուն համար եւ յաջողութիւն կը մաղթէ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք լրացուցիչ քննութիւններուն:
 
Յիշենք, որ քուէթաբնակ հալէպահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեան նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պիտի պարգեւատրէ պաքալորիայի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն Հալէպի հայկական վարժարաններուն մէջ առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովող հայ ուսանողները: