Երեքշաբթի, 26 Յուլիս 2022-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ կապիկի ծաղիկի ժահրով վարակուած պարագաներ չկան։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Կապիկի ծաղիկի ժահրին տարածումը աւելի տկար է համեմատաբար պսակաձեւ ժահրին, ջրծաղիկին եւ այլ վարակիչ ժահրերու հետ։
Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ժողովուրդին, այս առնչութեամբ անհիմն լուրեր չտարածելու եւ ստոյգ լուրերը ստանալու Նախարարութեան պաշտօնական կայքէջէն։