“Երկիր Մետիա”._ԱՄՆ Պետական բաժինի պաշտօնական ներկայացուցիչ Նետ Պրայս յայտարարութիւն տարածած է՝ տեղեկացնելով, որ ԱՄՆ պետակար քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
 
Յայտարարութեան համաձայն, քարտուղարը եւ նախագահ Ալիեւ քննարկած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համար տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հասնելու պատմական կարելիութիւնը։
 
«Պետական քարտուղարը հաստատած է ԱՄՆ-ի աջակցութեան առաջարկը՝ տարածաշրջանային երթեւեկային եւ հաղորդակցական կապերու բացումին օգնելու համար: Պետական քարտուղար Պլինքըն կոչ ուղղած է շարունակելու երկկողմ երկխօսութիւնը, ինչպիսին էր, օրինակ, վերջերս Թիֆլիսի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:
 
Քարտուղարը նաեւ հաստատած է աջակցութիւնը ԵՄ-ի միջնորդութեամբ արդիւնաւէտ քննարկումներուն: Ան ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահն է 1994 թուականէն ի վեր եւ պատրաստ է երկկողմ գործակցութեան եւ փոխգործակցութեան համախոհ գործընկերներու հետ, որպէսզի օգնէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին գտնելու երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութիւն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
 
Պետական քարտուղար Պլինքըն նաեւ կոչ ուղղած է նախագահ Ալիեւին ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները։
 
Նշենք, որ երէկ՝ ուշ երեկոյեան, Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց ունեցած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանին հետ: