Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան թրքական պետական «TRT» ցանցին մէչ ներառնուած լրատուամիջոցներուն հարցազրոյց տուած է, որուն ընթացքին անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իր ունեցած հեռաձայնային զրոյցին:
«Վարչապետ Փաշինեանի հետ երկու երկիրներու կրօնական տօներուն առիթով հեռաձայնային զրոյց ունեցանք, որուն ընթացքին շնորհաւորանք փոխանակեցինք։ Անշուշտ խօսեցանք նաեւ մեր երկրին եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման շարունակուող գործընթացին մասին», ըսած է Էրտողան: Ան ընդգծած է, որ Ատրպէյճան ի սկզբանէ Թուրքիոյ համար եղած է կարմիր գիծ եւ Ատրպէյճանի հարցերը լուծելէն վերջ միայն Անգարա սահմանները պիտի բանայ:
«Գոհունակութեամբ ընդունեցի, երբ լսեցի, որ վարչապետ Փաշինեան տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ գործակցութեան համար կը բաժնէ մեր մտքերը։ Բայց արդէն կ’ակնկալենք, որ խօսքէն անդին որոշակի քայլեր առնուին», ըսած է ան։
Անոր համաձայն, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիա վճռական է, կը հետապնդէ ամբողջական կարգաւորման եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման իրականացումը։ Էրտողան յիշեցուցած է Թուրքիոյ մէջ ապրող, ըստ անոր, աւելի քան 100 հազար հայերը։ «Ներկայ պահուն Թուրքիոյ մէջ կան աւելի քան 100 հազար հայեր, որոնց մէջ կան ե՛ւ Թուրքիոյ քաղաքացիներ, ե՛ւ ոչ-քաղաքացիներ, որոնք կրնան քաղաքացիութիւն ստանալ ապագային։ Ասիկա ցոյց կու տայ մեր մօտեցումը», ըսած է ան:
Աւարտին Թուրքիոյ նախագահը դարձեալ յիշեցուցած է, որ Անգարա իր գործողութիւնները կը համակարգէ Պաքուի հետ: