Կիրակի, 24 Յուլիսին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ, Հասիչէի Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ եւ Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանները յիշատակեցին ամրան եղանակի ամէնէն սպասուած եւ հաճելի տօնը՝Վարդավառը։
Վարդավառը հայոց ազգային եկեղեցական մեծագոյն տօներէն է։
Հայոց աւանդական տօնացոյցին մէջ Վարդավառը յատուկ տեղ կը գրաւէ իր խորհրդանիշով, որը ջուրն է։ Ըստ աւանդութեան, Աստղիկ դիցուհին ցողելով զայն սէր կը պարգեւէ բոլորին։
Արդարեւ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, հաւատացեալները ուղղուեցան դպրոցի բակը, ուր կիրակնօրեայ երեք վարժարաններու աշակերտները պատրաստուած էին ջրախաղի։ Անոնց ընկերակցեցան ներկայ երիտասարդութիւնն ու ծնողները վայելելով հաճելի պահեր ու հաւատալով, որ իրար վրայ ջուր սրսկելով մարդիկ կը մաքրուին մեղքէն ու հոգեպէս կը նորոգուին։
Կ՛արժէ յիշել, որ Կիրակնօրեայ վարժարանը իր կրօնական դաստիարակութեան կողքին միշտ անդրադարձ կատարած է աւանդական սովորութիւններուն, որոնց փոխանցումը հիմնական նկտած է նոր սերունդին, պահապանելու մեր հայկական ինքնութիւնը ու քրիստոնէական պատկանելիութիւնը։
Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան