1896-ին քրտական Մազրիկ ցեղախումբը, Սուլթան Ապտիւլ Համիտի հրամանով, կոտորածի կ’ենթարկէ Վանէն Պարսկաստան անցնող հայ մարտիկները։ Աւելի քան 300 հայ երիտասարդներ եւ անզէն տղաք զոհ կ’երթան Մազրիկ ցեղախումբի հայատեացութեան։
Վանէն Պարսկաստան անցնող հայ մարտիկներու խումբը կը գլխաւորէր դաշնակցական Պետօն, արմենական Աւետիսեանը եւ հնչակեան Մարտիկը։ 1897-ի տարեսկիզբին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Ռայոնական Ժողովը կ’որոշէ մեծախումբ արշաւախումբով պատժել Մազրիկ ցեղախումբը, լուծել վրէժը Աւետիսեանի, Պետոյի եւ Մարտիկի, անպատժելիութեան մօտեցումները դադրեցնել եւ հայ ժողովուրդին մօտ ամրապնդել յեղափոխական գործին նկատմամբ վստահութիւնը։
Վարդան եւ Իշխան Արղութեան կը նշանակուին արշաւախումբի հրամանատար եւ օգնական հրամանատար։ Հարիւրապետներ կը նշանակուին Փոխիկ եւ Ախպեր։ Իսկ Նիկոլ Դուման, որ ներկայացուցած էր արշաւանքին գաղափարը՝ կը նշանակուի արշաւախումբի չորս յիսնապետներէն մէկը։ Սեւքարեցի Սագոյին կը վստահուի ձիաւոր խումբի պատասխանատուութիւնը։
24-էն 25 Յուլիս 1897-ին լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն, թուրք-պարսկական սահմանը կը հատեն 253 դաշնակցական մարտիկներ, որոնցմէ 40-ը՝ ձիաւոր։ Արշաւախումբը կը սկսի Սալմաստէն, կը կտրէ Արաուլ Լերան լանջը եւ կ’ուղղուի Վանայ Լիճին հարաւ-արեւելքը գտնուող Խանասորի դաշտ, որ ամառնային հաւաքավայրն էր քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբին, որուն աշիրէթապետն էր Շարաֆ պէյը։
Քանի մը ժամուան ընթացքին կը գործադրուի ծրագիրը։ Հայ յեղափոխականները ձեռք չեն երկարեր կանանց եւ մանուկներու ։ Ֆետայիներու այդ վեհանձն մօտեցումէն կ’օգտուի նոյնինքն Շարաֆ պէյ, որ կանացի հագուստ հագած կը ճողոպրի։ Կը սպանուի անոր անձնական հիւրը հանդիսացող թուրք հարիւրապետը։ Գործողութիւնը ամբողջովին կը ծառայէ ճշդուած նպատակին եւ կ’արձանագրուի յաղթանակ։ Գործողութեան ընթացքին կը նահատակուին 25 ֆետայիներ, որոնց շարքին էր ՀՅԴ հիմնադիր Ռոստոմի եղբայրը՝ Կարօն։
Ինչո՞ւ Խանասորը: Խանասորը արդարութեան հաստատման համար դաշնակցական միտքին ծնունդ տուած վրիժառու քայլն էր: Այդ օրերուն այլ ելք չկար արդարութիւն հաստատելու համար: Վայրագ ցեղերը միայն զինեալ պայքարով կարելի էր պատժել: Վրիժառութիւնը նպատակ չէր, այլ միջոց՝ կասեցնելու անարդարութիւնը, հաստատելու հայ ազգին իր հայրենիքին մէջ խաղաղ ապրելու իրաւունքը: Այս միջոցին կիրարկումը կը պահանջէր խիզախութիւն, իսկ խիզախութիւնը, ազգի բարօր կեանքին համար կռուելու, պայքարելու կամքը կը տոգորուէր Դաշնակցութեան բացած ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ:
Այդ ճամբան արիւնալի եղաւ, սակայն բերաւ, հասցուց անկախ հայրենիք ունենալու արժանապատիւ յաղթանակին:
Տասնեակ տարիներ ետք, այս անգամ Ցեղասպանութեան հետեւանքով իրենց հայրենիքէն զրկուած եւ օտար ափերու վրայ ապրելու դատապարտուած դաշնակցական վրիժառուներ կրկին կ’որոնէին արդարութիւն հաստատելու, այլ պարտադրելու ուղին: Ո՛չ քաղաքականութեամբ, ո՛չ բարի յարաբերութիւններով, ոչ ալ կորուստը համոզում դարձնելու պարտուողական հոգեբանութեամբ կարելի էր Հայ Դատի առաջամարտիկը դառնալ ու միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել պահանջատիրութեան արդար երթին: Աւելին. հարկ էր յիշեցնել ցեղասպանին, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը իր պատմական իրաւունքներու խլումն ու իր ազգին նկատմամբ ի գործ դրուած ոճիրը մոռացութեան չէ մատնած, չի կրնար մատնել մինչեւ արդար հատուցում:
Ու տեղի ունեցաւ Լիզպոնի մէջ դաշնակցական երիտասարդութեան, Դրոյի ժառանգորդներուն աքտը:
27 Յուլիս 1983-ին՝ Սեդօն, Սիմոնը, Սագօն, Արան եւ Վաչէն նուիրուեցան ազատագրութեան ու Հայ Դատի ի խնդիր մղուող արդար պայքարին:
Արդարեւ, ժամը 11:30-ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ, թրքական դեսպանատունն ու անոր կից գտնուող թուրք դեսպանին բնակարանը թատերաբեմ դարձան անձնասպանական գործողութեան մը, որ կատարուեցաւ «Հայկական Յեղափոխական Բանակ»-ին կողմէ եւ վերջ գտաւ գործողութիւնը կատարող վերոյիշեալ հնգեակին անձնասպանութեամբ, երբ անոր անդամները ռումբերով եւ ուժանակով պայթեցուցին եւ կրակի տուին դեսպանին բնակարանին մէկ յարկը, զոր գրաւած էին:
Անոնք միջազգային հանրութեան յղեցին հետեւեալ կոչը.
«Բրտութեան դիմելու մեր որոշումը արդիւնք է թրքական պետութեան եւ անոր զօրավիգ կանգնող ուժերու կողմէ հայ ժողովուրդի արդար եւ խաղաղ պահանջները քննելու մերժումին։
«Արհամարհանքն ու սինիզմը, զորս Թուրքիան եւ միջազգային հասարակութիւնը կը ցուցաբերեն արդարութեան եւ միջազգային օրէնքներուն հանդէպ, մեզ աւելի եւս համոզեցին, որ մեր արդար դատի հետապնդման համար մնացած միակ միջոցը զինեալ պայքարն է։
«Տասնամեակներ շարունակ հայերը սպասեցին, որ միջազգային արդարութիւնը լուծէ Հայկական Հարցը։ Հայերը քայլարշաւներ կազմակերպեցին, ցոյցեր ըրին եւ յուշագիրներ հասցէագրեցին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ մեծ ուժերուն։ Բայց ո՛չ մէկ արդիւնք։ Շօշափելի ո՛չ մէկ արդիւնք՝ հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ հողային իրաւունքներու ճանաչման ի խնդիր։ Մեր դատին շուրջ բարձրացուած լռութեան պատը անխորտակելի ըլլալու չափ հաստ էր։
«Այժմ, Հայկական Հարցը անտարբերութեամբ դիտելու եւ զայն խաղաղ միջոցներով լուծելու մերժումին պատճառով, որոշած ենք ստիպել Թուրքիան, որ ընդունի հայ ժողովուրդին հետ բանակցիլ՝ Հայկական Հարցը լուծելու համար։
«Թող թրքական պետութիւնը եւ իր դաշնակիցները մերժեն ընդունիլ Ցեղասպանութեան եւ հայկական իրաւունքներու իրականութիւնը։
«Թող միջազգային հանրային կարծիքը մեզ անուանէ արկածախնդիրներ, ոճրագործներ կամ ահաբեկիչներ։
«Այդ բոլորը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունին մեզի համար։
«Մենք գիտենք, թէ՝ ինչ կ’ընենք։ Գիտենք նաեւ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել ապագային։
«Ազատատենչ եւ յեղափոխական հայ երիտասարդութիւնը որոշած է նոյնիսկ ակնթարթ մը դադար չտալ թշնամիին։
«Մեր ժողովուրդի ինքնորոշումը ապահովող միակ միջոցը զինեալ պայքարն է։ Կորսնցուցած ենք ամէն ինչ, նոյնիսկ մեր ինքնութիւնը, սակայն, բարեբախտաբար, տակաւին կը պահենք մեր յեղափոխականութիւնը։
«Մենք որոշեցինք այս շէնքը օդը հանել եւ մնալ փլատակներուն տակ։
«Անձնասպանութիւն չէ այս, ոչ ալ խելագարութիւն, այլ՝ մեր զոհողութիւնը ազատութեան բագինին։
«Կեցցէ՛ ազատատենչ հայ ժողովուրդը։
«Կեցցէ՛ Հայկական Յեղափոխութիւնը»։
Անոնց ինքնահրկիզումը եւս արդարութեան հաստատման համար մղուած պայքարի ծիրին մէջ պէտք է դիտել: Արդարութիւն, որ որքան ալ քողարկուի, ձգձգուի, բարիդրացիական յարաբերութիւններու շղարշին տակ ծածկուի, պիտի մնայ լուսաւոր արեւի նման կիզող, մինչեւ որ կեանքի վերածուի, հաստատուի երկար, բայց աննահանջ պայքարի աւարտին:
Քաղաքականութեան մէջ նաւարկումները, զիջում պարտադրող կացութիւնները կրնան երեւութապէս փակ համարուած սեպել պայքարի այս էջը, սակայն պայքարողներու փաղանգները պիտի շարունակեն որոնել ամէն միջոց ու հնարք, մինչեւ արդարութեան հաստատումը:
Զարմինէ