Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպողները փորձեցին հայ ազգը բնաջնջել, սպանդի ենթարկելով անոր ստուար մէկ մասը: Ցեղասպանութեան մնացորդացը, սակայն, Սփիւռքի մէջ տարածուելով կազմակերպուեցաւ: Կազմակերպուելով դարձաւ ազգային իրաւունքներու պաշտպանն ու Հայ Դատի հետապնդման յառաջադէմ տարրը:
Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակը, ապա նաեւ 100-ամեակը եկան վկայելու, որ հայութիւնը մէկ ազգ է ու տարտղնուած ըլլալով մէկտեղ կը հետապնդէ մէկ նպատակ՝ ազգի ու հայրենիքի իրաւունքներու ձեռքբերում, որպէսզի կարելի ըլլայ համախմբել հայութիւնը պապենական իր ամբողջական հողերուն վրայ եւ անոր գոյութիւնն ու զարգացումը երաշխաւորել:
Եթէ հայրենի մեր ժողովուրդը կը պայքարէր անկախ Հայաստանի ու Արցախի համար, Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պաշտպանները ժամանակի համապատասխան բոլոր միջոցներն ու քաղաքական լծակները օգտագործելով, անձնազոհութեամբ, լոպիինկի աշխատանքով, քաղաքական գործունէութեամբ իրենց կարելին ի գործ կը դնէին հայութեան եւ Հայաստանի իրաւունքներու վերականգնումին համար:
Այս բոլորը մէկ պարունակի մէջ պահելու ռազմավարութիւնը էական էր հայութեան համար: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը այս նպատակին ծառայելու կոչուած էր: Իւրաքանչիւրը ունէր իր ընելիքը, իր լծակներով ու կարելիութիւններով, սակայն ներքին համադրումի մը մարտավարութեամբ:
Լիզպոնի ողջակէզները իրենց կեանքը նուիրեցին հայ ժողովուրդի դատին, այնպէս ինչպէս Արցախի  ու Հայաստանի ազատամարտիկները: Հայրենազուրկ ապրելէ յոգնած ու հայրենիք ունենալու տենչով ապրած հինգ երիտասարդները այդ տարիներուն զինեալ պայքարը միակ միջոցը համարեցին Հայ Դատին նկատմամբ միջազգային ընտանիքի լռութեան պատը քանդելու: Ու յաջողեցան քանդել զայն:
Հետագային, Հայաստանի անկախացումով, Արցախի ազատագրումով, Հայ Դատի ու Հայաստանի շահերը համատեղ հետապնդելու միասնական մարտավարութիւն մը զարգացաւ: Հայրենիքը իր լծակներով, Սփիւռքը՝ իր:
Այս միասնութիւնը թրքական կողմին հաճելի չթուեցաւ, որովհետեւ ան միանգամայն վերացած կ’ուզէր տեսնել Ցեղասպանութեան ժառանգորդներն ու անոնց հետապնդած դատը, շարունակել կ’ուզէր համաթուրանական իր ծրագիրը, որուն համար ալ պարտուողական դիրքի մէջ, Սփիւռքէն միանգամընդմիշտ անջատուած կ’ուզէր տեսնել Հայաստանը, առանց իմանալու, որ Սփիւռքի ու Հայրենիքի մէջ մէկ ազգ կը գոյատեւէ, որ հայրենի ժողովուրդին նկատառելի մէկ մասն ալ վանեցի, սասունցի, տիգրանակերտցի կամ այլ հայորդիներու շառաւիղներէն կազմուած է, իսկ Սփիւռքի մէջ արեւելահայերու ստուար թիւ մը գոյութիւն ունի: Այլ խօսքով հայ ազգը մէկ է՝ հայրենի թէ սփիւռքեան իր թեւերով ու մէկ հեռակայ նպատակ կը հետապնդէ:
Թուրքիոյ համար էական էր Սփիւռքի անտեսումը, Հայաստանի քաղաքական դաշտէն անջատումը եւ ընդհանրապէս Սփիւռք-հայրենիք կապերու խզումը: Թուրքիոյ այս մարտավարութիւնը տարուէ տարի յստակ կը դառնար:
Ցաւօք ներկայ իշխանութիւններու օրերուն այս քաղաքականութիւնը ազդած կը թուի ըլլալ նաեւ հայրենի իշխող տարրին վրայ, որովհետեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւններու ձեւն ու ոճը կը փոխուին, Սփիւռքի հետ գործակցութիւնը կը վերածուի Սփիւռքը կառավարելի գործօն դարձնելու եւ միայն Հայաստանի իշխանութիւններու նպատակներուն ծառայեցնելու ցնորամտութեան: Աւելին. Սփիւռքը ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի քաղաքական կեանքէն հեռացնելու ծրագիր մը կը պարզուի մեր միգամած հորիզոնին վրայ:
Քաղաքականութեան մէջ իրապաշտ ըլլալը չ’ենթադրեր երբեք ազգի ու պետութեան հեռահար նպատակներու անտեսումը եւ անոնց հասնելու բոլոր ճամբաներու քանդումը:
Ազգային պետականութեան հաստատումով միայն կարելի է համախմբել ողջ հայութեան կարելիութիւնները եւ առողջ իրապաշտութեամբ ծառայեցնել զանոնք հայոց պետութեան ու հայ ազգին շահերուն:
Լիզպոնի հինգին պատգամը ուղղուած չէր միայն արտաքին աշխարհին: Անոնք կոչ կ’ուղղէին նաեւ հայութեան տարբեր հատուածներուն՝ սթափ ըլլալու եւ համատեղ ջանքերով տիրութիւն ընելու մեր ազգի ու հայրենիքի իրաւունքներուն, ոչ թէ անջատելու Սփիւռքի եւ Հայրենիքի հեռահար նպատակները, ոչ թէ ազգային միասնութիւնը զգացապաշտութեան շպարով նսեմացնելու:
Աշխարհաքաղաքական ներկայ վերիվայրումներուն մէջ, Լիզպոնի օրինակը Սփիւռք-Հայրենիք գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ զայն համընդհանուր մէկ նպատակի ծառայեցնելու հրամայականը կը յուշէ: