ՍՕ Խաչի ընկերային ծառայութեան բազմաճիւղ գործունէութեան մէկ բաժինը կը հանդիսանայ «Կակաչ» մանկամսուրի ծառայութիւնը, որուն շնորհիւ բազմաթիւ մայրեր, իրենց երեխաները ապահով ձեռքերու յանձնած ըլլալու գոհունակութեամբ, իրենց աշխատանքը շարունակելու կարելիութիւնը ունեցած են:
Սովորութիւն դարձած է մանկամսուրի տարեշրջանի աւարտին հանդէս մը կազմակերպել այն փոքրիկներուն մասնակցութեամբ, որոնք երեք տարեկան դարձած են եւ մանկապարտէզ պիտի յաճախեն:
Շաբաթ, 23 Յուլիս 2022-ին, ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական Կեդրոնի «Գ. Համալեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Կակաչ» մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, 20 շրջանաւարտ փոքրիկներու ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեան:
Յանձնախումբին ատենապետուհի Մարիա Փայասեան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ մանկամսուրը նախադպրոցական շրջան մըն է, ուր երեխան իր տարիքային առանձնայատկութիւններով եւ խմբային դրութեամբ կը ստանայ ֆիզիքական ու բարոյական դաստիարակութիւն: Ան կը սորվի խօսիլ, երգել եւ արտայայտուիլ իր տարեկիցներուն ընկերանալով:
Փայասեան այնուհետեւ ներկայացուց մանկամսուրի ուսուցչուհիները եւ անոնց աշխատանքը մանկամսուրէն ներս:
Ապա, ծնողներուն ծափողջոյններով, փոքրիկները ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ սրահ մտան եւ ներկայացուցին փունջ մը մանկական երգեր ու արտասանութիւններ, որոնք սորված էին մանկամսուրէն ներս:
Ետքը տեսերիզով ցուցադրուեցաւ մանկամսուրի 2021-2022 տարեշրջանի գործունէութիւնը:
Աւարտին, փոքրիկներուն բաժնուեցան վկայագիր եւ նուէրներ: Ներկաները շնորհաւորելով փոքրիկներուն առաջին վկայականը՝ ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան:
Թղթակից