Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շրջագիծին մէջ, Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըճ իր աշխատանքային խումբին ուղեկցութեամբ 24 Յուլիսին այցելած է Կարս:
Ան Կարսի Աքեաքայ շրջանին մէջ այցելած է հայ-թրքական սահմանի Տողուքափը կոչուող անցակէտը, ապա շրջայց կատարած՝ Անիի աւերակներուն մէջ:
Տեղական GazeteKars լրատուամիջոցի տեղեկութեան համաձայն, Քըլըճ Կարսի մէջ ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, որոնք, սակայն, տեղի ունեցած են մամուլի համար փակ դրութեամբ: