Ազգային իշխանութեան հովանաւորութեան ներքոյ եւ Ազգ. Միացեալ նախակրթարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, երկրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ, սկիզբ առաւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի աշակերտութեան ամառնային ծրագիրը՝ նախատեսուած 3-էն 6-րդ կարգերու աշակերտութեան համար:
Ծրագիրը, որ սկսաւ 12 Յունիսին, հիմնականօրէն կ’ընդգրկէր 6 նիւթ՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, մտային հաշիւներ, համակարգիչի օգտագործման արուեստ, ծրագրաւորում, մեքենաշինութիւն (robotics): Ասոնց կողքին աշակերտները ունին նաեւ հայկական պարի, գծագրութեան, ճատրակի եւ մարզանքի պահեր:
Վարժարանի տնօրէն Զեփիւռ Րէիսեան պարզաբանելով ծրագիրի հիմնական նպատակը ըսաւ, որ այս ծրագիրը արդէն երկրորդ տարին է, որ կ’իրականացուի. նպատակը օգտագործելն է ամառնային երկար արձակուրդը, աշակերտին գիտելիքներն ու կարողութիւնները զարգացնելու համար: Ուստի, մեկնելով ներկայ ժամանակի հրամայականէն, վերոնշեալ գիտելիքներու մէջ հմտանալու կարեւորութենէն, օգտագործելով դասաւանդուող նիւթերուն համար գոյութիւն ունեցող յարմարութիւնները, ծրագիրը ընթացք առած է ու արդէն կը հասնի իր աւարտին: Տնօրէնութիւնը ամրան դպրոցը երեք ամիս փակ պահելու փոխարէն, որոշած է նման օգտակար աշխատանքի համար զայն տրամադրել աշակերտութեան:
Դասաւանդութիւնը շաբաթական չորս օր է: Հիմնական դասանիւթերը կ’աւանդուին շաբաթը երկու անգամ, իսկ մնացեալը՝ մէկ: Դասաւանդութենէն դուրս աշակերտները երբեմն կ’ունենան պտոյտներ եւ խաղի օրեր: Ծրագիրը պիտի երկարի մինչեւ 12 Օգոստոս:
Աշակերտները կը ծանօթանան համակարգչային ծրագիրներուն, անոնց գործելաոճին, կը սորվին պատրաստել համակարգչային ծրագիրներ, տեսախաղեր, շինել մարդամեքենաներ՝ ռոպոթներ, հայերէնին կողքին զարգացնել իրենց անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի իմացութիւնը եւ անսխալ արտայայտուելու միջոցները:
Քսանմէկերորդ դարուն, լեզուներու իմացութիւնը, համակարգիչի օգտագործման տիրապետումն ու զարգացած միտք ունենալը կարեւոր կը համարուին: Ուստի աշակերտներուն ազատ ժամերը օգտագործելով, Ազգ. Միացեալ վարժարանը կը ջանայ զիրենք նման հմտութիւններ ձեռք բերելու սկզբնական գիտելիքներուն եւ գործնական միջոցներուն ծանօթացնել:
Վեհան Պարսումեան