Կիրակի, 10 Յուլիս 2022-ին, բջիջային հեռաձայնովս կը կապուիմ «Ռատիօ Երազ»-ին ու հեռաձայնս կը միացնեմ հեռատեսիլի մեծ պաստառին, որպէսզի մանրամասնօրէն հետեւիմ Ք. Ե. Ազգ. Ճեմարանի «75-ամեակի սերունդ»-ի ամավերջի հանդէսին։
 
Միշտ ալ հաճոյքով դիտած եմ Ճեմարանի հանդէսները, սակայն այս տարի տարբեր անհամբերութեամբ կը սպասեմ, որովհետեւ յատուկ յայտարարութիւն մը տեղի պիտի ունենայ հանդէսի ընթացքին, որուն ետին կան 59 ճեմարանական շրջանաւարտներ:
 
Երեք ամիս առաջ, այս շրջանաւարտները իրենց ճեմարանի հանդէսէն 45 տարի ետք WhatsApp-ով խումբ մը կը կազմեն։ Անոնք իրենց ճեմարանականի նկարներով կը վերյիշեն զիրար, ապա կը հանդիպին Zoom-ով եւ յուզումով կը տեսնեն իրենց տարեց վիճակը. ճիշդ է մաս մը սպիտակ մազերով, ուրիշներ կնճռոտած, բայց հոգիով բոլորը երիտասարդ կարծես տակաւին Ճեմարանի դասարաններէն մէկուն մէջ ըլլային։ Անոնք օրական բարի լոյս կ՚ըսեն, բարի օր կը մաղթեն, սուրճի գաւաթներու նկարներ, ընտանեկան պատկերներ, պատգամներ եւ օդային համբոյրներ կը ղրկեն իրարու։ Կը խնդան յիշելով իրենց պատանեկան չարաճճի արարքները։ Անոնք կ՚երգեն, կը նուագեն, հայկական տօներ եւ տարեդարձ կը տօնեն։ Իրենց ճեմարանական տարիներու «Ծիլեր»-էն շարադրութիւններ կը կարդան, նոր գրութիւններ կը գրեն, ինչպէս նաեւ սրտագին ցաւակցութիւններով սիրելիներու մահը կը սգան։
 
Այս խմբակը, իր առօրեայ սիրոյ կապերէն անդին, նաեւ վեհ նպատակի մը կը ձգտի՝ օգտակար դառնալ սիրելի Ճեմարանին։ Սակայն ի՞նչ ձեւով կարելի էր օժանդակել այդ հայակերտ ամրոցին, որ կերտած էր զիրենք թէ՛ որպէս մարդ, եւ թէ՛ որպէս հայ եւ հիմա աւելի քան տասը տարիներէ ի վեր կը տոկար պատերազմի դժուար եւ դժնդակ պայմաններուն, դառնալով հալէպահայ նոր սերունդը պահող դարպասը:
 
Տասնեակ գաղափարներ կ՚առաջարկուին WhatsApp-ի առօրեայ խօսակցութիւններու ընթացքին, թեր եւ դէմ կարծիքներ կը փոխանակուին։ Վերջապէս միտքերը կը բիւրեղանան եւ կ՚որոշուի երկու նուիրատուութիւն կատարել, որոնցմէ մէկը պիտի իրագործուէր ամավերջի հանդէսին, իսկ երկրորդը աւելի ուշ տարբեր առիթով մը։
 
Սպասելով այդ յայտարարութեան անդրադարձին շրջանաւարտներուն վրայ, կը վայելեմ հանդէսը, կը հպարտանամ լսելով հայերէնի բարձր մակարդակը, կը տպաւորուիմ շրջանաւարտներուն ներկայացուցած գրութիւններով եւ ասմունքներով, որոնք սորված ըլլալու են կառավարական քննութիւններուն զուգահեռ, կը յուզուիմ մեր սրտի խօսքը արտայայտող դասընկերուհիին ընթերցանութեամբ եւ կը հիանամ տեսնելով, թէ այդ նեղ պայմաններուն մէջ ինչպէս կրցած են սարքել այսպիսի կոկիկ հանդէս մը։
 
Երբ շրջանաւարտները կը շարուին բեմին վրայ ճիշդ այնպէս ինչպէս մենք՝ 77-ի շրջանաւարտներս կեցած էինք նոյն բեմին վրայ 45 տարիներ առաջ, սրտիս բաբախման հետ կը զգամ իւրաքանչիւր աշակերտի սրտին տրոփումը եւ կը նշմարեմ անոնց սպասման անհանդարտ վիճակը։ Վստահ եմ իրենք ալ մեզի պէս երազներ եւ նպատակներ ունին։ Անոնք ուրախ են, որովհետեւ պիտի սկսին կեանքի նոր փուլ մը, իսկ տխուր են, որովհետեւ պիտի հեռանան Ճեմարանէն, սակայն տեղեակ չեն տակաւին այն իրականութենէն, որ Ճեմարանէն բաժնուիլ կարելի չէ, ան առյաւէտ կ՚ապրի ճեմարանականին հոգւոյն մէջ եւ իր դաստիարակութեան շունչն ու սէրը թարմ կը մնայ նոյնիսկ 45 տարի ետք։
 
Վերջապէս կը հասնի սպասուած վայրկեանը։ Տնօրէնը կը յայտարարէ թէ Ճեմարանի «75-ամեակի սերունդ»-ի բոլոր շրջանաւարտները ինչպէս նաեւ Է. Ը. Ժ. եւ ԺԱ. կարգերու առաջնակարգ աշակերտները պիտի ստանան 77-ի շրջանաւարտներուն կողմէ կատարուած աննախադէպ նուիրատուութիւն մը, որ զետեղուած է իւրաքանչիւրին յանձնուելիք պահարանին մէջ։ Անբացատրելի հրճուանքով կը դիտեմ աշակերտներուն ժպտուն դէմքերը: Անոնք ծափողջոյններով եւ ուրախութեան ձայներ բարձրացնելով կը գնահատեն մեր պատրաստած անակնկալը։ Սիրտս գոհունակութեամբ կը լեցուի, թաց աչքերս այլեւս չեն տեսներ:
 
Մեր խմբակը բոլորած էր իր աշխատանքին առաջին փուլը։
Սալբի Գասպարեան-Խրիկեան