Անուններն ալ մարդոց պէս անհատականութիւն ունին ու երբեմն դժուար կ’ըլլայ ընկերութեան մէջ անոնց մուտքը:
Բայց անուն մը կրնա՞յ այսքան «տառապանք» պատճառել:
-Անունդ ի՞նչ է:
-Մարուշ:
-Եըխկ, ատ ի՞նչ անուն է:
Չէր բաւեր որ ամէն հարցնող անպայման պիտի ըսէր՝ «Ի՞նչ» ու անունս կրկնելէ ետք, ըսէր՝ «Հը՜», կամ՝ «Մարի՞, Մարօ՞, Մարիա՞», կամ «Ատ ի՞նչ ռուսական անուն է, ինչո՞ւ քեզի ռուսական անուն դրեր են, հայկական անուն չկա՞ր» … այսքանը չէր բաւեր, հիմա ալ աս «եըխկ»-ը: Այս բառը ծանօթ չէր ինծի, բայց աղջկան արտայայտութիւնը յստակ էր՝ պարզապէս կը գանէր անունէս:
Սերոբեան աւազան էի, երբ ինծի տարեկից եւ անծանօթ աղջիկ մը մօտեցաւ, եւ, գիտէք արդէն, անունս հարցուց: Որքան ալ սակայն գանելիք անուն ունենայի, ատիկա արգելք չեղաւ որ այդ օրը միասին անցընենք, ջուրին մէջ թէ ջուրէն դուրս խաղալով:
Բայց դէմքին արտայայտութիւնը երբեք չմոռցայ: Կ’երեւի այդ էր պատճառը, որ կրցածիս չափ կը խուսափէի անունս ըսելէ, նախընտրելով անանուն մնալ:
Անունս մայրս ընտրեր է:
Եօթը տարի անզաւակ մնալէ ետք, մայրապետ մօրաքրոջս՝ քոյր Մելանիին, ընկերուհին եւ այդ շրջանի Անարատ Յղութեան Միաբանութեան մեծաւորը՝ Մայր Պէնինիան, Լուրտ (Ֆրանսա) երթալով ուխտեր է, որ «Եթէ Արուսը զաւակ մը ունենայ, տղայ թէ աղջիկ, Մարի պիտի կոչէ»:
-Եթէ տղայ ըլլայի, ինչպէ՞ս Մարի պիտի ըլլար անունս,- հարցուցեր էի մօրս առաջին անգամ այս պատմութիւնը լսելուս:
-Կ’ըլլար Ժան-Մարի, Փիէռ-Մարի, Մարիուս, Մարիօ, կամ նման բան մը:
Շատ համոզիչ չէր թէեւ, բայց քանի տղայ չէի, չէի շարունակած հարցուփորձս:
Նոյն շրջանին նէնէ Հայկանոյշը կը լսէ մօրս յղութիւնը եւ կը խնդրէ.
-Եթէ աղջիկ մը ունենաս, անունս կը դնե՞ս:
-Ունենամ, դնեմ,- կ’ըսէ մայրս եւ կ’որոշէ զիս Մարի Հայկանոյշ-ի փոխարէն Մարուշ կոչել:
Զապէլ հօրքուրս, երբ կը լսէ որ իր մօրն ու քրոջ անունները դրուեր են իրենց մեծ եղբօր նորածինին, կը սկսի բողոքել՝ «Հապա ի՞մ անունս …»: Բայց մօրս որոշումը որոշում է: Եւ անունս կ’արձանագրուի ճիշդ այդպէս՝ Մարուշ:
Երբ սկսայ ծնողքիս գրադարանին գիրքերը մէկիկ-մէկիկ կարդալ, կարգը հասաւ Համաստեղին. միայն «Գիւղը եւ Անձրեւը» ունէինք, երկուքը միասին կազմուած «Արեւելքի» թերթօնէն:
Հասայ «Համբոյրը» պատմուածքին այս հատուածին.
«-Էդ կողմէն մեր Մարուշին բաղդը լաւ է,- խօսեցաւ Նունիկ»։
Հաւանաբար վրիպակ է, պէտք է Մարալ ըլլայ, մտածեցի եւ կրկին ու կրկին կարդացի տողը, շարունակեցի պատմուածքը, բայց կրկին եւ կրկին Մարուշ էր կարդացածս, Մարալ չէր, սխալ չէի տեսած:
Այդ օրէն սիրտս քիչիկ մը հանգստացեր էր:
Տարիներ ետք «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ հանդիպեցայ Յակոբ Իսկէնտէրեանին, որուն կատաղի ընթերցող մը ըլլալն ու մեծ գրադարան ունենալը լսեր էի: Մարդը այդ օրերուն նոր երեւցող գրութիւններս ալ կարդացեր էր եւ նորելուկ մը քաջալերելու ազնուութեամբ գնահատեց գիրս: Յետոյ, ամենայն լրջութեամբ հարցուց.
-Մարուշը քու ծածկանո՞ւնդ է:
-Ո՛չ, անունս է:
-Բայց ի՞նչ անուն է,- ըսաւ զգուշութեամբ:
Եւ ճիշդ այդ պահուն Համաստեղն ու իր «Համբոյրը» ինծի օգնութեան հասան:
-Հաւանաբար կարդացեր էք Համաստեղի «Համբոյրը», որուն հերոսուհին Մարուշ կը կոչուի:
Ափը ճակտին զարկաւ.
-Ինչպէ՞ս մոռցեր էի:
Անունս կամաց-կամաց ինքզինք կը հաստատէր:
Յետոյ երբ առիթը ունեցայ Աճառեանի «Անձնանունների Բառարանը» ունենալու, առաջին անունը որ նայեցայ, իմ անունս էր: Եւ ո՜վ երջանկութիւն, անունս այդտեղ էր, Մարուճ-ին եւ Մարուֆ-ին միջեւ բազմած, հայկականութեան կիսաթագը գլխուն. կիսաթագ կ’ըսեմ, որովհետեւ այս բառանունը կիսով հայերէն է, թէեւ «մարի» հայերէնով էգ թռչուն կը նշանակէ, բայց որպէս անուն կու գայ Աստուածածնայ անունէն, որուն արմատը կ’երկարի մինչեւ եբրայերէնը եւ որուն բազմաթիւ իմաստներէն մէկն ալ «ցանկացուած երեխայ» է, միւսները ըլլալով «դառն», «սիրելի», «ըմբոստութիւն», «ծովային» եւ «ծովի կաթիլ»:
Կ’ըսուի նաեւ թէ Մարի-ն կամ Մարիամ-ը կու գան եբրայական Միրիամ-էն, որ անունն էր Մովսէսի եւ Ահարոնի մեծ քրոջ, մէկը եբրայեցոց եօթը մարգարէուհիներէն, առաջին անգամ յիշուած Հին Կտակարանի Ելից գիրքին մէջ. Միրիամ, որ կը յիշուի որպէս Մարգարէուհի Միրիամ, ինք էր, որ հրեայ կիները Եգիպտոսէն դուրս առաջնորդեց, մինչ Մովսէս կ’առաջնորդէր այրերը: Բառին կամ անունին «դառն» իմաստը կու գայ այդ կնոջ ապրած տառապանքներէն:
Աճառեան կ’ըսէ.
Մարուճ – ծագումն ինձ անյայտ. մի անգամ գտնում եմ յիշատակուած 1679 թուին.
Մարուֆ – արաբերէն յայտնի բառից. գտնում եմ երկու տարբեր անթուական յիշատակարաններում, որոնցից մէկը գրուած է 1331 թուից ուշ, միւսը՝ 1609 թուից ուշ:
Եւ ի վերջոյ՝
Մարուշ – Մարիի կրճատումներից, ինչպէս Վարդուհին դառնում է Վարդուշ, Տիգրանուհին՝ Տիգուշ, Հայկուհին՝ Հայկուշ եւ Մարին՝ Մարուշ:
Անկէ ետք երբ մէկը անունս լսելով ըսէր՝ «Ռուսական անուն է, չէ՞», անմիջապէս կը պատասխանէի դասը շատ լաւ սորված աշակերտուհիի պէս.
-Ո՛չ, մաքուր հայկական է, Մարիի կրճատումներէն, ինչպէս Հայկուհին կ’ըլլայ Հայկուշ, Տիգրանուհին՝ Տիգուշ, Մարին ալ կ’ըլլայ Մարուշ:
Ա՛լ կռնակս ամուր էր, ոչ ոք պիտի կարենար ամբաստանել զիս ռուսական կամ գանելիք անուն մը ունենալուս համար:
Մարուշ Երամեան