Շահի՛ր մարդոց աղօթքը խնկելի, որպէսզի վայելես օրհնութիւններ ցանկալի:
Շահի՛ր գիրքերուն մտերմութիւնը հաճելի, որոնք հարստացնող գանձեր են մտքի:
Շահի՛ր փորձառութիւն բազմակողմանի, այն ատեն գիտութեան շտեմարանդ կ’ընդարձակուի:
Շահի՛ր ընկեր առաքինի, ան կը դառնայ սրտակից բարեկամ եզակի:
Շահի՛ր խաչի ճանապարհէն դասեր անմոռանալի, որոնք կ’արժեւորեն երթդ անսասանելի:
Շահի՛ր սրտբաց զղջումէդ համարձակութիւնը դարձի, այն ատեն պիտի մերժես մեղքը ամօթալի:
Շահի՛ր Տիրոջ հաճութիւնը սքանչելի, որպէսզի կոչուիս լոյսի եւ ցերեկի որդի:
Շահի՛ր երեխայութեան անմեղութիւնը կարօտալի, որպէս խաղաղութեան ոսկի բանալի:
Շահի՛ր երիտասարդութեան եռանդը անսպառելի, պիտի ունենաս ներշնչման աղբիւրը ձգտումի:
Շահի՛ր ծերունազարդ տարեցին խրատը պիտանի, որպէս սկզբունքներ որդեգրելու լուսաշող ուղի:
Շահի՛ր անդիմակ քննադատներ, որոնց ճամբով կեանքիդ ընթացքը պիտի հանդիսանայ անայպանելի:
Շահի՛ր ժամանակդ առանց վատնումի, որպէսզի կոչուիս մշակ անմեղադրելի:
Շահի՛ր կորսնցուցած արժէքներդ առանց վարանումի, օրերդ կ’ըլլան պայծառ պատկեր վերականգնումի:
Շահի՛ր դրամ արդար քրտինքովդ ճակտի, վստահաբար պիտի ըլլայ վաստակդ օրինակելի:
Շահի՛ր սպասումէդ ընդմիշտ տոկալ առանց ձանձրոյթի, ահա այն ատեն նպատակդ կը դառնայ իրագործելի:
Շահի՛ր սիրոյ գանձանակէդ անծանօթներ, առանց ակնկալիքի, պիտի ըլլաս նոր օրերու բարի Սամարացի:
Շահի՛ր ներկադ իր առիթներով ուրախալի, որպէսզի զուարթ հոգիով կերտես ապագան յուսալի:
Շահի՛ր առողջ դիտողութեան ընդմէջէն սրբագրութեան արուեստը գաղտնի, այդպիսով վարք ու բարքդ կ’ըլլայ գովելի:
Շահիր խաչէդ խոնարհութիւնը անյետաձգելի, որպէսզի քու անձովդ Երկնաւոր Տէրը փառաւորուի:
Շահի՛ր կաթիլ մը ձէթ կանթեղէն Լուսաւորչի, որպէսզի հաւատքի լապտերդ մշտավառ պահուի:
Շահի՛ր մայրենի լեզուէդ բառեր հիւթեղ-հիանալի, որպէսզի հայերէնին աստուածային իւրայատկութիւնը բացայայտուի:
Շահի՛ր այն ինչ որ հոգեշահ է եւ գնահատանքի արժանի, այն ատեն լեցուն ափով պիտի ցանես առանց տատամսումի:
Շահի՛ր հաշտարար մարդոց բարեխօսութիւնը փափաքելի, որպէսզի սիրոյ կայծը սրտիդ մէջ դարձեալ անմար հուրի վերածուի:
Շահի՛ր Քրիստոսի Յարութեան յոյսը անպարտելի, որ կեանքիդ մէջ յաղթանակի աւետիսը մնայ լսելի:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան