Համագործակցաբար Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Ընդհ. Վարիչ Մարմինին հետ, «Գանձասար» այս սիւնակով պիտի հրատարակէ պատանեկան նոր գրիչներու առաջին փորձերը՝ քաջալերելու անոնց մուտքը հայ մամուլ: 
***
Մեր կեանքը լի է լաւ ու վատ փորձառութիւններով, որոնք անդրադարձ կ’ունենան մեր առօրեային վրայ։
Տարուան մը ընթացքին կրնանք ապրիլ ուրախութիւն եւ տխրութիւն, արդիւնաբեր կամ ապարդիւն օրեր։ Օրերը միօրինակ կշռոյթով չեն ընթանար:
Տարուան 365 օրերէն ծուլութեամբ յագեցած օրերէս մէկն էր, երբ որոշեցի գրելու փորձ մը կատարել: Անկասկած պիտի հարցնէք, որ եթէ օրս արդիւնաբեր չէ, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ կը փորձեմ գրել: Չզարմանաք եթէ յայտնեմ, որ մուսան է զիս մղողը՝ կէս գիշերուան ժամը 3:00-ին։
Մեր կեանքին ընթացքին մերթ ընդ մերթ կը յաղթենք, կը պարտուինք, կը նեղուինք, կը սորվինք… եւ զարմանալի բաներու կը հանդիպինք:
15 տարի վայելելէ ետք այս մոլորակին բարիքները ու քմծիծաղով նայելէ ետք ընթերցանութեան մոլուցք ունեցող ընկերներուս, ես ալ իրենց խումբին մաս կազմեցի ու սկսայ հետաքրքրական գիրքերու ծանօթանալ։
 Առաջին գիրքը ընթերցելէս ետք, կ’ուզեմ սորվածս բաժնեկցիլ ձեզի հետ։
 Գիրքին խորագիրն է «Անհոգ Ըլլալու Նուրբ Արուեստը»: Կը բաղկանայ 9 մասերէ: Հեղինակն է Մարք Մանսըն։
 Ինը մասերուն հիմնական միտքը դրական մտածումն է… թէ ինչպէ՛ս պէտք է անտեսել մեր շրջապատի բացասական մօտեցումները։
Հեղինակը նախ կ’անդրադառնայ գիրքին կարեւորութեան եւ կը յայտնէ, որ ընթերցողը պիտի կարենայ յստակօրէն խորհիլ իր նպատակներուն եւ գաղափարներուն մասին եւ յանդգնութիւն ունենալ ընտրելու կեանքի իր նախասիրած ճամբան։
Ետքը ան լուսարձակի տակ կ’առնէ մարդուն դժուար ճամբաներ հարթելու կարողութիւնը: Ան կը շեշտէ, որ հարցի մը լուծում գտնելը կրնայ նոր հարցի մը դուռ բանալ: Ուստի կը յորդորէ դժուար ճամբաներ ուղղուելու պարագային ընտրել այնպիսիները, որոնց յաղթահարումը մեզի ուղղուած մարտահրաւէր կը դառնայ եւ կրնայ զարգացնել մեր անհատականութիւնը, դիմանալու մեր կարողութիւնը:
Հեղինակը կ’անդրադառնայ նաեւ դժուարութիւններէ անցնելու կարեւորութեան ու անոնց դրական ազդեցութեան։ Ապա կը ներկայացնէ սկզբունքներ եւ կը շեշտէ, որ սկզբունք ունենալը օգտակար է, կ’օգնէ որ հաճելի եւ իմաստալից կեանք մը ապրինք, սակայն սկզբունքային ըլլալու համար նախ պէտք է գիտակից ըլլալ եւ մեր առած որոշումներուն պատասխանատուութիւնը կրել։
Հեղինակին համաձայն, ձախողութիւնն ալ քայլ մը առջեւ կը տանի մեզ, այնպէս ինչպէս ցաւն ու տառապանքը կը տաշեն մեր հոգին:
Գիրքի վերջաբանին մէջ Մարք Մանսըն անդրադառնալով կեանքի նպատակին կը գրէ. «Ամէն մարդ իր կեանքին ընթացքին կ’ուզէ այնպիսի գործ մը կատարել, որ նոյնիսկ իր մահէն ետք մատնահետք թողու այս աշխարհին վրայ: Այս պատճառով ալ, օրինակ, շատ մը նշանաւոր մարդիկ կ’ուզեն արտադրել այնպիսի գործեր, որոնցմով միջավայրի բարեկամ կրնան համարուիլ, հետեւաբար յիշուիլ իբրեւ աշխարհի զարգացումին դրական ներդրում բերող, մեր մոլորակին բարեկամ եւ ընկերային մարդիկ»։
Նարեկ Ռալֆ Ապաճեան
«Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղ
Ե.կարգ