“Թերթ”._Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնաժողովը 28 Յուլիսին հրապարակած է իր 2023_ի տնտեսական տարուան յատկացումներու օրինագիծը, որով կը վերահաստատէ Ազատութեան աջակցութեան շարժումի 907-րդ լրացումը եւ կ’առաջարկուի 2 մլն տոլար՝ Արցախի մէջ ականազերծման աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն՝ տեղահանուած հայերուն օգնելու համար: Այս մասին յայտնած է Ամերիկայի հայկական համագումարը:
Յանձնաժողովի զեկոյցին մէջ յայտարարուած է, որ «մինչեւ 2,000,000 տոլար՝ մարդասիրական ականազերծման եւ չպայթած զինամթերքի մաքրումին համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեա մէջ մարտական գործողութիւններէն տուժած տարածքներուն մէջ, ենթակայ է նախնական խորհրդակցութեան յատկացումներու յանձնաժողովներու հետ», ինչպէս նաեւ «մարդասիրական օգնութիւն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով» տեղահանուածներուն համար:
 
Յունիսին Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց օրինագիծի իր տարբերակը, որով կոչ ուղղուած էր 60 մլն տոլար օգնութիւն տրամադրել Հայաստանին եւ 2 մլն տոլար՝ Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներուն համար: Ներկայացուցիչներու պալատի օրինագիծը կը ներառէր նաեւ Ազատութեան աջակցութեան շարժումի 907-րդ լրացման վերաբերող հատուած:
 
Ազատութեան աջակցութեան շարժումին 907-րդ լրացումը, որ ԱՄՆ Քոնկրեսը ընդունած է 1992 թուականին, կը սահմանափակէ Ատրպէյճանին տրամադրուող օգնութիւնը՝ նախատեսելով միայն մարդասիրական աջակցութիւն: Անիկա կ’ենթադրէ, որ ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանի կառավարութեան պէտք չէ աջակցութիւն տրամադրէ, որովհետեւ տակաւին այդ երկիրը քայլեր չէ ձեռնարկած Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շրջափակումներն ու ուժի կիրառման տարբերակները վերացնելու համար: