28 Յուլիսին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ։
 
Նախարար Միրզոյեանի կողմէն շեշտուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հիմնարկի եւ փորձի օգտագործման կարեւորութիւնը՝ իր միջազգային հովանաւորին համապատասխան: