Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր Հայր Մեսրոպ Թ. Ծ. Վարդապետ Սիւլահեանի եւ Մխիթարեան վարժարանի Տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին վարժարանիս դալարագեղ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի եւ միջնակարգի ամավերջի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:
 
Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները 1 վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի բիւրաւոր նահատակներուն:
 
Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքեր արտասանեցին միջնակարգի շրջանաւարտներէն Սէրլի Թովմասեան եւ Անթոնիա Ապտուլ Ահատ: Անոնք, իրենց խօսքերուն մէջ յայտնեցին, որ Մխիթարեան վարժարանը իրենց համար սոսկ դպրոց մը չէ, այլ հայրենի հող. դպրոցական գրասեղաններու վրայ ձեւաւորուեցաւ ապագայ մարդը, առողջ բարոյականով եւ ազնուագոյն զգացումներով: 12 տարի շարունակ քրիստոնէական ու ազգային հաւասար նժարներու վրայ պահուած դաստիարակութեամբ կերտուեցաւ անոնց մէջ հայու մաքուր նկարագիրը: Հայ գիրն ու մշակոյթը դարձնելով անոնց հանապազորեայ սնունդը:
 
Ապա անոնք վարժարանի աշակերտութեան անունով երախտագիտական խօսքեր ուղղեցին նախ երկրիս խաղաղասէր, խոհեմ ու մշակութասէր նախագահ բժիշկ Պաշշար ալ-Ասատին, որուն հովանաւորութեամբ սուրիահայերը կը վայելեն արաբ ժողովուրդին սէրը, վստահութիւնն ու աջակցութիւնը, ստանալով լայն հնարաւորութիւններ իրականացնելու տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ հասարակական ազատ գործունէութիւն` ի նպաստ երկրի զարգացման ու բարգաւաճման:
 
Ապա շնորհակալութիւն յայտնեցին սիրելի վարդապետ հայր Մեսրոպին, որ իր հայրական օրհնութեամբ, քաջալերանքով եւ խրատներով Մխիթարեանի շունչն ու հոգին կը փոխանցէ աշակերտութեան, եւ վերջապէս սիրելի տնօրէնուհի Ալին Բանոյեանի եւ մանկապարտէզպանուհի Տաթեւիկ Հալապիի եւ ուսուցչակազմին, որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն անոնց ազնիւ ու բարի առաքելութեան:
 
Իրենց խօսքերու աւարտին անոնք խոստացան ըսելով, որ ինչպէս Մխիթար Աբբահայրը եղած է հայ ազգը ճշմարտութեան եւ գիտութեան լոյսով լուսաւորող, աշակերտները եւս, իրենց կարգին, կը խոստանան իրենց վարքով նմանիլ մխիթարեան Աբբահօր առաքինի, Աստուածասէր եւ ազգասէր մեծ ու աննման տիպարին:
 
Բացման խօսքերէն անմիջապէս ետք մանկապարտէզի շրջանաւարտները հանդէս եկան «Ազգ-բանակ» պարով:
Հանդէսը նուիրուած էր անգերազանցելի ներդրումին Մխիթարեան Միաբանութեան, որ 322 տարի անսպառ եռանդով, մեծ հաւատքով եւ յոյսով նուիրուած է ազգապահպանման վեհ առաքելութեան: Մխիթարեան հայրերը յանձինս Մխիթար Սեբաստացիի, կը հաւատան, որ առանց կրթական հաստատութիւններու կարելի չէ սերունդներ դաստիարակել, որովհետեւ վարժարանը այն դարբնոցն է, ուր կարելի է նոր սերունդին տալ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւն:
 
Այնուհետեւ միջնակարգի շրջանաւարտները որպէս մխիթարեանականներ մեծ հպարտութեամբ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն խօսքերով յաջորդաբար ներկայացուցին Մխիթարեան Միաբանութեան դերն ու ներդրումը երեք դարերու ընթացքին, ինչպէս նաեւ Մխիթարեանի կրթական եւ մշակութային գործունէութիւնը:
 
Ապա մանկապարտէզի շրջանաւարտները գեղարուեստական յայտագիրով ներկայացուցին երգ-պար, որուն մէջ յայտնեցին իրենց սէրը հայրենիքին հանդէպ։ Ետքը անոնք եւրոպական երգ-պարով պարզեցին, թէ ապագային ի՛նչ դիրքերու կ՛ուզեն հասնիլ։ Ապա միջնակարգի շրջանաւարտներուն կատարողութեամբ Սիրուշոյի “Զարթօնք” պարով վերջ գտաւ հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրը։
 
Այնուհետեւ անոնք բեմ հրաւիրեցին մեծաւոր հայր Մեսրոպ Թ. Ծ. Վրդ. Սիւլահեանը՝ իր սրտին խօսքը ուղղելու:
 
Հայր Մեսրոպ նախ սրտանց շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտ-աշակերտուհիները, ապա խօսքը ուղղեց ծնողներուն, ըսելով որ անոնք հպարտ պէտք է ըլլան իրենց զաւակներուն Մխիթարեան Հաստատութեան մաս կազմելուն համար: Ետքը անդրադարձաւ միջնակարգի շրջանաւարտներուն, որոնք հրաշալի կերպով ներկայացուցին Մխիթարեանի գործունէութիւնը:
«Այս բոլորը կը պարտինք Մխիթար Աբբահօր որպէս հոգեւոր հայր, բայց նաեւ մենք պէտք է ըսենք որպէս սուրիացի քաղաքացիներ կը պարտինք մեր նախագահին՝ բժիշկ Պաշշար ալ-Ասատին», ըսաւ, ան աւելցնելով, որ մեր նախագահին նման հայասէր նախագահ չկայ, գովասանքի արժանի է ինք եւ իր հայրը, որոնք մեզ պաշտպանած ընդդէմ աշխարհակալ զօրքերու, որոնք կը ձգտէին ջախջախել եւ ճզմել Սուրիոյ ժողովուրդը իր բոլոր բաղադրիչներով։ «Շնորհիւ նախագահին խոհեմ քաղաքականութեան, մենք բոլորս կանք եւ պիտի մնանք եւ երանի բոլոր անոնք, որոնք լքեցին Սուրիան՝ մեր հայրենիքը, վերադառնան: Իմ խնդրանքն է, որ հայերս մնանք այս երկրին մէջ, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ մենք շատ մօտ ենք մեր պատմական հայրենիքին։ Ուստի գոյատեւենք Սուրիոյ, մանաւանդ Հալէպի մէջ», շեշտեց վարդապետը: Ապա անդրադարձաւ հանդէսի նիւթին, դիտել տալով, որ այսօր ինչ որ լսեցինք եթերային իրականութիւն մը չէր, այլ գործնական աշխատանք։ «Հայապահպանման նման գործընթացներ Մխիթարեան Միաբանութիւնն ու Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հաստատութիւնը, ինչպէս նաեւ Սիսի Կաթողիկոսութիւնը երաշխաւորած են: Մխիթարեան միաբանութիւնը եղած է այն հաստատութիւնը, առանց որուն գործունէութեան հաւանաբար մենք այսօր չունենայինք մեր վերածնունդը, մեր մշակութային վերելքը եւ յատկապէս մեր կրթադաստիարակչական հնարաւորութիւնները», ըսաւ վարդապետը: Ապա ան շնորհակալական խօսք ուղղեց վարժարանի տնօրէնուհի Ալին Բանոյեանին, մանկապարտիզպանուհի Տաթեւիկ Հալապիին, պետական տնօրէն Համի Տարուիշի եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ժոզէֆ Սաքալին իր ներկայութեան համար եւ յատկապէս ծնողներուն, որոնք իրենց գանձերը յանձնած են Մխիթարեան վարժարանին: Վարդապետը իր խօսքը փակեց ըսելով. «Վստահ եղէք, որ հայախօսութիւնը էական պայման է մխիթարեան մեր վարժարաններուն մէջ»:
 
Ապա բեմ բարձրացան վարժարանիս տնօրէնուհի Ալին Բանոյեան եւ մանկապարտիզպանուհի Տաթեւիկ Հալապի՝ վկայականաց բաշխումը կատադելու:
Աւարտին շրջանաւարտներուն եւ ուսուցչական կազմին մասնակցութեամբ կատարուեցաւ կարկանդակի հատում:
 
Թղթակից