29 Յուլիսին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ սկսաւ «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքը:
 
Հանրահաւաքի սկիզբը մօտաւորապէս 7 ամիս կալանավայրի մէջ եղած Նարեկ Մանթաշեան իր խօսքը սկսաւ` ազատութիւն մաղթելով կալանաւորուած միւս գործիչներուն:
 
«Այս պայքարը քաղաքական չէ, սա մէկու մը համար չէ, սա պայքար է յանուն հայրենիքի, իսկ յաղթանակը շատ մօտ է: Այս պայքարի մասին բամբասողները վաղը չեն կրնար իրենց երեխաներուն աչքերուն մէջ նայիլ, մեր ուղին շիտակ է, յաղթանակը՝ մօտ», ըսաւ ան:
 
Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան ԵՊՀ տոցենտ, «Համախմբում» նախաձեռնութեան անդամ Մենուա Սողոմոնեան, Վազգէն Սաղաթէլեան, ընդդիմադիր պատգամաւորներ Թադէւոս Աւետիսեան, Արամ Վարդեւանեան, Հայկ Մամիճանեան:
 
Հանրահաւաքի ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ «Դիմադրութիւն» շարժումի դաշնաակցական երեք երիտասարդներ, որոնք ձերբակալուած էին կիւմրեցի «պապիկներուն» ծեծի ենթարկելուն համար, ազատ արձակուած են գրաւի դիմաց: Տարօն Մանուկեան եւ Գոռ Սարգսեան տակաւին կը շարունակեն մնալ կալանքի տակ:
 
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Թադէւոս Աւետիսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք դուրս եկած ենք պայքարի ոչ միայն մեր անվտանգութեան, հայ մնալու, մեր հայրենիքը պաշտպանելու, այլեւ՝ մեր հայրենիքի մէջ լաւ ապրելու համար։ Ապիկարներու այս իշխանութիւնը ոչ միայն մեր հայրենիքը կը յանձնէ, այլեւ կը տանի թրքացման, ամէն ինչ կ’ընէ, որ հայ մարդը իր բնօրրանին մէջ ամէն յաջորդ օրը աւելի վատ ապրի, որովհետեւ այս իշխանութիւնները չունին ազգային նպատակ, ազգային երազ։ Ասոնց երազը միայն իրենց աթոռները պահելու մասին է»:
 
Հայաստանի ԵՄ դեսպանը ըսած է, որ որ Հայաստանի մէջ, իբր, քաղաքական բանտարկեալներ չկան։ Ատիկա իրականութենէն հեռու եւ այսօրուան իշխանութիւններուն աջակցելու քաղաքականութիւն է. իր ելոյթին մէջ նշեց ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան։
 
Անոր խօսքին համաձայն, օրուան իշանութիւնները համաներում չեն կիրառած, որովհետեւ իրենց աթոռին կառչած մնալու համար համատարած վախ սփռած են։
 
ԱԺ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիճանեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «ԵՄ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մշակուող փաստաթուղթին մէջ ոչինչ ըսուած է հայ ռազմագերիներուն մասին, մէկ բառ նոյնիսկ չկայ, որ Ատրպէյճանի մէջ անոնք կը պահուին անմարդկային պայմաններու մէջ»:
 
Անոր խօսքին համաձայն, նոյնիսկ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը իր պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ
 
չէ յիշատակուած Արցախի կարգավիճակին, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին մասին։
 
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։
 
«Այսօր պետութիւն չկայ։Բոլոր կառոյցները գերեվարուած են դաւաճան Նիկոլի կողմէն եւ դարձած են անոր կամակատարները», ըսաւ ան։
 
Ան նաեւ յայտնեց՝ ընդդիմութիւնը իր առջեւ հարց դրած էր կարճ ժամանակի մէջ հեռացնել գործող իշխանութիւնները, սակայն, ցաւօք, Հայաստանը կը շարունակէ ղեկավարել Նիկոլ Փաշինեան։
 
«Բայց եթէ պայքարը երկարի, ոչ թէ պէտք է ընկճուիլ, այլձանագրել բացթողումները, լուծել հարցերը եւ յառաջ երթալ։ Պայքարը պէտք է դարձնել մեր առօրեան։ Մենք պէտք է վերադասաւորուինք, զօրացնենք մեր ուժերը եւ երթանք յաղթանակի ետեւէկ։ Մենք կ’առաջնորդուինք այդ սկզբունքով», ըսաւ Սաղաթէլեան։
 
Ան շեշտեց՝ եթէ ընդդիմութիւնը երթայ խորհրդարան, ապա բացառապէս այն օրակարգով, որ ձեւաւորած է ժողովուրդը Ֆրանսայի հրապարակին վրայ՝ ՀՀ գործող վարչապետի հեռացում, Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած սպառնալիքներուն դէմ պայքար։
 
 
Իշխան Սաղաթէլեանի խօսքին համաձայն, իշխանութիւնը տակաւին կը շարունակէ իրականացնել քաղաքական հետապնդումներ։
 
«Մեր պայքարի ընկերներէն շատերը այս պահուն ձերբակալուած են՝ իբրեւ քաղաքական բանտարկեալ։ Բայց իրենք շատ աւելի ազատ են, քան անոնք, որոնք մեր տղոց կալանաւորելու հրահանգ տուած են», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան։
 
«Միութիւն, Պայքար, Յաղթանակ» վանկարկեցին հանրահաւաքի մասնակիցները:
 
Այնուհետեւ սկսաւ «Դիմադրութիւն» շարժումի երթը:
 
Երթին մասնակիցները քայլերթ կատարեցին Երեւանի կեդրոնական փողոցները, այնուհետեւ վերադարձան ֆրանսայի հրապարակ, ուր ամփոփուեցաւ հանրհաւաքը:
 
Անդրադառնալով շարժումի յառաջիկայ ընելիքներուն, Իշխան Սաղաթէլեան տեղեկացուց, որ Օգոստոս ամսուն պիտի ըլլան մարզային այցելութիւններ։ Ան ըսաւ, որ արդէն ձեւաւորուած են մարզային խորհուրդները։
 
Օգոստոսի կիսուն նախատեսուած է նաեւ համահայկական դիմադրութեան ֆորում, ուր պիտի հրաւիրուին Հայաստանէն, Արցախէն, Սփիւռքէն քաղաքական ուժերու յայտնի գործիչներ եւ մտաւորականներ։
 
Սաղաթէլեանի փոխանցումով, 2 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան առթիւ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք։ Նոյն օրը նախատեսուած են հանրահաւաքներ եւ նախաձեռնութիւններ նաեւ Արցախի մէջ։
 
Իշխան Սաղաթէլեան բոլոր կարող ուժերուն կոչ ուղղեց դուրս գալ պայքարի եւ կեդրոնացնել ուժերը: