“Երկիր Մետիա”._ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը հերքէ Ատրպէյճանական կողմին տարածած հերթական ապատեղեկատուութիւնը.
 
«Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը ապատեղեկատուութիւն տարածած է, յայտարարելով, իբրեւ թէ 30 Յուլիսին ՀՀ Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան բաժինին մէջ հաստատուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։
 
Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինեալ Ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան տակ»: