31 Յուլիսին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի (Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն) կեդրոնական վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի:
 
Տիար Նաճարեան, Նորին Սրբութեան ներկայացնելով վարչութեան անդամները, տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու ընթացքին մասին՝ ընդգծելով, որ Սփիւռքի շուրջ 645 հայ երիտասարդ մարզիկներ ժամանած էին հայրենիք մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար:
 
Ողջունելով հիւրերուն այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը բերաւ ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան հայրենիքի մէջ նման նախաձեռնութեան իրականացման համար: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց այս տարի առաջին անգամ իրականացուած «Հրաշք» մարզախաղերուն համար, որոնց մասնակցեցան մտաւոր եւ ֆիզիքական հարցեր ունեցող մօտաւոր 200 երեխայ ու պատանի:
 
Հայոց Հովուապետը կարեւոր նկատեց համահայկական մարզախաղերու կատարումը, որով լաւագոյն կարելիութիւն կ’ընձեռնէ հայորդիներուն զիրար ճանչնալու, խանդավառելու, լաւատեսութեան եւ հայրենասիրութեան ոգիով լեցուելու:
 
Հանդիպումին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր համարեց նաեւ Սփիւռքի հանրային կեանքի աշխուժացման ու զօրացման միտուած իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն: